ՄԱՏԹԷՈՍ 6:2-3 - Համեմատել բոլոր տարբերակները
ՄԱՏԹԷՈՍ 6:2-3 WARMB (Western Armenian Bible 1853)
Ուստի երբ ողորմութիւն կ’ընես, առջեւդ փող մի՛ հնչեցներ, ինչպէս կեղծաւորները ժողովարաններուն ու փողոցներուն մէջ կ’ընեն, որպէս զի մարդոցմէ փառաւորուին. ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի. ‘Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան’։ Իսկ դուն երբ ողորմութիւն կ’ընես, ձախ ձեռքդ թող չգիտնայ աջ ձեռքիդ ինչ տալը
ՄԱՏԹԷՈՍ 6:2-3 WANTACOC (Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament)
Երբ ողորմութիւն կ՚ուզես տալ, փող ու թմբուկով մի՛ ըներ՝ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, ինչպէս կեղծաւորները կ՚ընեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու վրայ՝ մարդոցմէ փառաւորուելու ակնկալութեամբ։ Վստա՛հ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձա տրութիւնը։ Ընդհակառակը, երբ դուն ողորմութիւն կու տաս, ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ։
ՄԱՏԹԷՈՍ 6:2-3 WA2017 (Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017)