ՄԱՏԹԷՈՍ 23:13 - Համեմատել բոլոր տարբերակները
ՄԱՏԹԷՈՍ 23:13 WARMB (Western Armenian Bible 1853)
«Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ երկնքի թագաւորութիւնը մարդոց առջեւ կը գոցէք ու դուք չէք մտներ եւ մտնողներն ալ չէք թողուր որ մտնեն։
ՄԱՏԹԷՈՍ 23:13 WANTACOC (Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament)
Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ երկինքի արքայութիւնը կը փակէք մարդոց առջեւ. դուք չէք մտներ եւ թոյլ չէք տար նաեւ անոնց՝ որ կ՚ուզեն մտնել։
ՄԱՏԹԷՈՍ 23:13 WA2017 (Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017)
«Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու Փարիսեցիներ, որ երկնքի թագաւորութիւնը մարդոց առջեւ կը գոցէք ու դուք չէք մտներ եւ մտնողներն ալ չէք թողուր որ մտնեն։