ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 22:3 - Համեմատել բոլոր տարբերակները
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 22:3 WARMB (Western Armenian Bible 1853)
Եւ անիկա ըսաւ. «Ես Հրեայ մարդ մըն եմ Կիլիկիոյ Տարսոնի մէջ ծնած եւ այս քաղաքին մէջ Գամաղիէլի ոտքը մեծցած ու մեր հայրենի օրէնքին ճշդութեանը մէջ կրթուած, նախանձաւոր էի Աստուծոյ, ինչպէս այսօր դուք ամէնքդ էք։
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 22:3 WANTACOC (Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament)
Ես Հրեայ մարդ մըն եմ՝ Կիլիկիայի Տարսոն քաղաքը ծնած, բայց սնած այս քաղաքին մէջ, Գամաղիէլի ձեռքին տակ եւ մեր հայրենի ճշգրիտ Օրէնքով դաստիարակուած։ Ես նոյնքան նախանձախնդրութեամբ նուիրուած էի Աստուծոյ՝ որքան դուք բոլորդ այսօր։
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 22:3 WA2017 (Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017)
եւ անիկա ըսաւ. «Ես Հրեայ մարդ մըն եմ Կիլիկիոյ Տարսոնի մէջ ծնած եւ այս քաղաքին մէջ Գամաղիէլի ոտքը մեծցած ու մեր հայրենի օրէնքին ճշդութեանը մէջ կրթուած, նախանձաւոր էի Աստուծոյ, ինչպէս այսօր դուք ամէնքդ էք։