ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 19:9 - Համեմատել բոլոր տարբերակները
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 19:9 WARMB (Western Armenian Bible 1853)
Երբ մէկ քանիները կը յամառէին ու դէմ կը դնէին՝ բազմութեան առջեւ կը վարկաբեկէին այն ճամբան, ինք անոնցմէ հեռացաւ եւ աշակերտներ զատեց ու ամէն օր Տիւրան անուն մէկուն դպրատանը մէջ կը խօսէր։
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 19:9 WANTACOC (Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament)
Սակայն երբ անոնցմէ ոմանք սկսան յամառօրէն հակաճառել եւ բազմութեան դիմաց վարկաբեկել Տիրոջ վարդապետութիւնը, Պօղոս ժողովարանէն քաշուեցաւ եւ Տիրոջ աշակերտածներն ալ միասին տարաւ, եւ ամէն օր կը խօսէր անոնց, Տիրան անունով մէկու մը դպրոցին մէջ։
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 19:9 WA2017 (Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017)
Երբ մէկ քանիները կը յամառէին ու դէմ կը դնէին՝ բազմութեան առջեւ կը վարկաբեկէին այն ճամբան, ինք անոնցմէ հեռացաւ եւ աշակերտներ զատեց ու ամէն օր Տիւրան անուն մէկուն դպրատանը մէջ կը խօսէր։