YouVersion Logo
Search Icon

ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5

5
ԱՍՏՈՒԾՄՈՎ ԱՐԴԱՐԱՆԱԼ
1Արդ՝ մենք հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով 2որով ընդունեցինք հաւատքով, այս շնորհքին մօտենալը, որուն մէջ կեցեր ենք եւ Աստուծոյ փառքին յոյսովը կը պարծինք։ 3Ո՛չ միայն այսքան՝ հապա նաեւ նեղութիւններու մէջ կը պարծինք. վասն զի գիտենք թէ նեղութիւնը համբերութիւն կը գործէ 4եւ համբերութիւնը՝ փորձառութիւն ու փորձառութիւնը՝ յոյս. 5եւ յոյսը ամօթով չի ձգեր. վասն զի Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տրուեցաւ։ 6Վասն զի երբ մենք դեռ տկար էինք, յարմար ժամանակին Քրիստոս ամբարիշտներուն համար մեռաւ։ 7Վասն զի արդարի մը համար հազիւ կրնայ մէկը մեռնիլ. (բայց բարի մարդու մը համար՝ կարելի է որ մէկը համարձակի մեռնիլ). 8սակայն Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր ՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։ 9Քրիստոս մեզի համար մեռաւ. ուրեմն հիմա որ իր արիւնով արդարացանք, ո՜րչափ աւելի իրմով պիտի ազատինք բարկութենէն։ 10Վասն զի եթէ մեր թշնամի եղած ատենը Աստուծոյ հետ հաշտուեցանք իր Որդիին մահովը, ո՜րչափ աւելի մեր հաշտուած ատենը պիտի ապրինք անոր կեանքովը։ 11Եւ ոչ միայն այս, հապա Աստուծմով կը պարծենանք ալ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով որով հիմա հաշտութիւն ընդունեցինք։
ԱԴԱՄ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՍ
12Վասն զի ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, #5.12 Կամ, որովքանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին։ 13(Վասն զի մինչեւ օրէնքին ատենը աշխարհի մէջ մեղք կար, բայց մեղք չէր սեպուեր՝ քանի որ օրէնք չկար։ 14Սակայն մահը Ադամէն մինչեւ Մովսէս թագաւորեց, նաեւ Ադամին յանցանքին նման չմեղանչողներուն վրայ ալ, որ օրինակ էր անոր որ ետքը պիտի գար։ 15Բայց շնորհքը յանցանքին պէս չէ. վասն զի եթէ մարդու մը յանցանքովը շատեր մեռան, ալ որչա՜փ աւելի Աստուծոյ շնորհքը եւ այն պարգեւը որ Յիսուս Քրիստոսի՝ մէկ մարդուն՝ շնորհքովն է, շատերուն վրայ աւելցաւ։ 16Բայց ձրի պարգեւը այնպէս չէ, ինչպէս մէկին մեղքին արդիւնքը. վասն զի դատաստանը մէկ մեղքէն դատապարտութեան մէջ ձգեց, բայց շնորհքը շատ մեղքերէ արդարութեան տարաւ։ 17Վասն զի եթէ մէկ մարդու մեղքովը մահը թագաւորեց, ո՜րչափ աւելի անոնք որ շնորհքի ու արդարութեան պարգեւին առատութիւնը կ’առնեն, կեանքի մէջ պիտի թագաւորեն Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով)։ 18Ուրեմն ինչպէս մէկուն յանցանքովը բոլոր մարդոց դատապարտութեան վճիռ եղաւ, այնպէս՝ մէկուն արդարութիւնովը բոլոր մարդոց կեանքի արդարութեան շնորհք եղաւ. 19վասն զի ինչպէս մէկ մարդու անհնազանդութիւնովը շատեր մեղաւոր եղան, այնպէս մէկուն հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան։ 20Սակայն օրէնքը մէջտեղ ինկաւ որպէս զի յանցանքը շատնայ. բայց ուր աւելի եղաւ մեղքը, ա՛լ աւելի եղաւ շնորհքը. 21որպէս զի ինչպէս մեղքը թագաւորեց մահով, այնպէս շնորհքը թագաւորէ արդարութիւնով՝ մինչեւ յաւիտենական կեանքը մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy