YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 9

9
1Հինգերորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու տեսայ որ երկնքէն աստղ մը ինկաւ երկրի վրայ։ Անդունդի գուբին բանալին անոր տրուեցաւ։ 2Ան ալ անդունդին գուբը բացաւ ու այն գուբէն ծուխ կ’ելլէր մեծ հնոցի մը ծուխին պէս ու խաւարեցան արեւն ու օդը՝ գուբին ծուխէն։
3Ծուխէն մարախներ կ’ելլէին երկրի վրայ։ Անոնց զօրութիւն տրուեցաւ երկրի կարիճներուն ունեցած զօրութեանը պէս։ 4Անոնց ըսուեցաւ որ չվնասեն երկրի խոտին, ո՛չ ալ կանանչեղէնի մը եւ ո՛չ ծառի մը, հապա միայն ա՛յն մարդոց, որոնք իրենց ճակատներուն վրայ Աստուծոյ կնիքը չունին։ 5Անոնց հրաման տրուեցաւ, որ չսպաննեն զանոնք, հապա չարչարեն զանոնք հինգ ամիս ու անոնց տուած չարչարանքը կարիճի տուած չարչարանքին պէս էր՝ երբ մարդը կը խայթէ։ 6Այն օրերը մարդիկ մահը պիտի փնտռեն ու պիտի չգտնեն։ Պիտի ուզեն մեռնիլ, բայց մահը անոնցմէ պիտի փախչի։ 7Մարախներուն նմանութիւնը՝ պատերազմի պատրաստուած ձիերու պէս ու անոնց գլուխներուն վրայ #9.7 Ոմանք, ոսկիի նմանոսկեղէն պսակներու պէս եւ անոնց երեսները մարդոց երեսներու պէս էին 8ու անոնք մազեր ունէին կիներու մազերուն պէս ու անոնց ակռաները առիւծներու ակռաներուն պէս էին։ 9Զրահներ ունէին երկաթէ զրահներու պէս։ Անոնց թեւերուն ձայնը պատերազմի գացող շատ ձիեր լծուած կառքերու ձայնին պէս էր։ 10Կարիճներու նման պոչեր ունէին ու պոչերուն վրայ խայթոց։ Իշխանութիւն ունէին հինգ ամիս մարդոց վնասելու։ 11Իրենց վրայ թագաւոր ունէին անդունդին հրեշտակը, որուն անունը Եբրայեցերէն #9.11 Այսինքն՝ կորուսիչԱբադոն եւ Յունարէն՝ #9.11 Ոմանք, այն ձիերունԱպողղիոն։ 12Մէկ վայը անցաւ. ասկէ յետոյ ահա երկու վայեր ալ պիտի գան։
13Վեցերորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու ձայն մը լսեցի Աստուծոյ առջեւ եղող ոսկի սեղանին չորս եղջիւրներէն, 14որ կ’ըսէր վեցերորդ հրեշտակին, որ փողը ունէր. «Եփրատ մեծ գետին վրայ կապուած չորս հրեշտակները արձակէ»։ 15Այն չորս հրեշտակները արձակուեցան, որ պատրաստուած էին ժամուան ու օրուան եւ ամսուան ու տարուան համար, որպէս զի մարդոց երրորդ մասը մեռցնեն։ 16Ձիաւոր զօրքերուն համրանքը #9.16 200 միլիոներկու բիւր բիւրաւոր էր։ Ես իմացայ անոնց համրանքը։ 17Տեսիլքին մէջ տեսայ ձիերը ու անոնց վրայ հեծնողները՝ որոնք ունէին հրեղէն ու յակնթեղէն եւ ծծմբեղէն զրահներ։ Ձիերուն գլուխները առիւծներու գլուխներու պէս էին. անոնց բերնէն կրակ ու ծուխ եւ ծծումբ կ’ելլէր։ 18Այս երեք [հարուած] ներէն մարդոց երրորդ մասը մեռաւ, այսինքն կրակէն ու ծուխէն ու ծծումբէն, որոնք անոնց բերնէն կ’ելլէին։ 19Վասն զի անոնց զօրութիւնը իրենց բերաններուն ու պոչերուն մէջ էր, քանզի անոնց պոչերը օձերու նման էին ու գլուխներ ունէին որոնցմով կը վնասէին։ 20Մնացեալ մարդիկը, որոնք այս հարուածներէն չսպաննուեցան, չապաշխարեցին ու իրենց ձեռքերուն գործերէն ետ չմնացին, որ երկրպագութիւն չընեն դեւերուն ու ոսկիէ եւ արծաթէ ու պղինձէ եւ քարէ ու փայտէ շինուած կուռքերուն, որոնք ո՛չ կրնան տեսնել, ո՛չ ալ լսել ու ո՛չ քալել. 21նաեւ չապաշխարեցին իրենց մարդասպանութիւններէն, ո՛չ ալ իրենց կախարդութիւններէն, ո՛չ ալ իրենց պոռնկութենէն եւ ո՛չ իրենց գողութիւններէն։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy