YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 7

7
ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ 144.000 ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ
1Անկէ յետոյ տեսայ չորս հրեշտակներ, որոնք երկրին չորս անկիւնը կեցեր էին ու երկրին չորս հովերը բռներ էին, որպէս զի երկրի վրայ հով չփչէ, ո՛չ ծովու վրայ, ո՛չ ալ ծառի մը վրայ։ 2Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ արեւելքէն եկաւ ու Կենդանի Աստուծոյ կնիքը ունէր եւ մեծ ձայնով աղաղակեց այն չորս հրեշտակներուն, որոնց իշխանութիւն տրուած էր երկրին ու ծովուն վնասելու 3ու ըսաւ. «Երկրին վնաս մի՛ ընէք, ո՛չ ծովուն, ո՛չ ալ ծառերուն, մինչեւ մեր Աստուծոյն ծառաներուն ճակատները կնքենք»։ 4Կնքուածներուն համրանքը լսեցի՝ որ էր հարիւր քառասունըչորս հազար՝ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ցեղերէն։ 5Յուդային ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Ռուբէնին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Գադին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, 6Ասերին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Նեփթաղիմին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Մանասէին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, 7Շմաւոնին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Ղեւիին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Իսաքարին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, 8Զաբուղոնին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Յովսէփին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Բենիամինին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած։
ՄԵԾ ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆ
9Անկէ ետքը տեսայ մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն, որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին՝ ճերմակ հանդերձները հագած եւ ձեռքերնին արմաւենիներ բռնած 10եւ մեծաձայն կ’աղաղակէին՝ ըսելով. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին»։ 11Եւ բոլոր հրեշտակները, որ աթոռին ու երէցներուն եւ չորս կենդանիներուն բոլորտիքը կեցեր էին, իրենց երեսներուն վրայ աթոռին առջեւ ինկան ու Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրին, 12ըսելով. «Ամէ՛ն. օրհնութիւն ու փառք եւ իմաստութիւն ու գոհութիւն եւ պատիւ ու զօրութիւն եւ կարողութիւն մեր Աստուծոյն՝ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»։ 13Ու երէցներէն մէկը ինծի ըսաւ. «Ասոնք որ ճերմակ հանդերձներ հագած են՝ ո՞վ են եւ ո՞ւրկէ եկան»։ 14Ես ալ ըսի անոր. «Տէ՛ր իմ, դուն գիտես»։ Ըսաւ ինծի. «Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները, որոնք իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին. 15անոր համար Աստուծոյ աթոռին առջեւ են եւ իրեն կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ եւ աթոռին վրայ նստողը իր վրանը պիտի տարածէ անոնց վրայ։ 16Այսուհետեւ ո՛չ պիտի անօթենան ու ո՛չ ծարաւին, ո՛չ ալ արեւը կամ տաքութիւն մը անոնց վրայ պիտի իյնայ. 17վասն զի Գառնուկը, որ աթոռին մէջ է, պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy