YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 13

13
ԵՐԿՈՒ ԳԱԶԱՆՆԵՐԸ
1Տեսայ թէ ծովէն գազան մը կ’ելլէր, որը ունէր եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր եւ անոր եղջիւրներուն վրայ տասը թագ ու անոր գլուխներուն վրայ հայհոյութեան անուններ կային։ 2Այդ գազանը ինձ ի նման էր, իր ոտքերը արջու ոտքերու պէս, իր բերանը առիւծի բերնի պէս։ Վիշապը անոր տուաւ իր զօրութիւնը եւ իր աթոռը ու մեծ իշխանութիւն։ 3Անոր գլուխներէն մէկը մահու չափ վիրաւորուածի պէս #13.3 Ոմանք, տեսայէր, բայց անոր մահացու վէրքը առողջացաւ եւ բոլոր երկիր գազանին վրայ զարմացաւ։ 4Եւ երկրպագութիւն ըրին վիշապին՝ որ գազանին իշխանութիւն տուաւ։ Երկրպագութիւն ըրին գազանին, ըսելով. «Ո՞վ գազանին նման է եւ ո՞վ կրնայ ատոր հետ պատերազմիլ»։ 5Անոր մեծ բաներ ու հայհոյութիւններ խօսող բերան տրուեցաւ եւ քառասուներկու ամիս անոր իշխանութիւն տրուեցաւ իր կամքը ընելու։ 6Իր բերանը հայհոյութեամբ Աստուծոյ դէմ բացաւ, անոր անուան ու անոր խորանին ու երկինքը բնակողներուն հայհոյելու։ 7Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ սուրբերուն հետ պատերազմ ընելու ու անոնց յաղթելու։ Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ բոլոր ցեղերուն [եւ ժողովուրդներուն] ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ։ 8Անոր երկրպագութիւն պիտի ընեն երկրին վրայ բոլոր բնակողները, որոնց անունները աշխարհի սկիզբէն ի վեր մորթուած Գառնուկին կենաց գրքին մէջ գրուած չեն։ 9Ով որ ականջ ունի թող լսէ. 10ով որ գերութեան քշէ, ինք գերի պիտի տարուի. ով որ սրով սպաննէ, պէտք է որ ինք սրով սպաննուի։ Հոս է սուրբերուն համբերութիւնն ու հաւատքը։
11Ուրիշ գազան մը տեսայ, որ երկրէն կ’ելլէր ու գառնուկի նման երկու եղջիւր ունէր ու կը խօսէր վիշապի պէս։ 12Առաջին գազանին իշխանութիւնը կ’օգտագործէր անոր առջեւ ու երկիրը #13.12 Ոմանք, եւ բոլորեւ անոր բնակիչները կը ստիպէր, որ երկրպագութիւն ընեն առաջին գազանին, որուն մահացու վէրքը առողջացաւ։ 13Մեծ նշաններ կ’ընէր ու մինչեւ անգամ երկնքէն կրակ կ’իջեցնէր երկրի վրայ մարդոց առջեւ։ 14Երկրի վրայ բնակողները կը մոլորեցնէր այն նշաններով, որ իր ձեռքը տրուած էր գազանին առջեւ ընելու։ Երկրի բնակիչներուն կ’ըսէր, որ պատկերը շինեն այն գազանին, որ սուրով վիրաւորուած էր ու առողջացաւ։ 15Եւ իշխանութիւն տրուեցաւ անոր, որ գազանին պատկերին հոգի տայ, որպէս զի գազանին պատկերը խօսի եւ ով որ գազանին պատկերին երկրպագութիւն չընէ, զանիկա սպաննել տայ։ 16Ան կը ստիպէր բոլորը, այսինքն պզտիկներն ու մեծերը, հարուստներն ու աղքատները, ազատներն ու ծառաները, որ իրենց աջ ձեռքին վրայ կամ իրենց ճակատին վրայ դրոշմ ընդունին, 17որպէս զի մէ՛կը չկրնայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ան՝ որ ունի դրոշմը կամ գազանին անունը կամ անոր անուանը թիւը։ 18Հոս է իմաստութիւնը. ով որ միտք ունի, թող հաշուէ գազանին թիւը. քանզի մարդու մը թիւն է ու անոր թիւը վեց հարիւր վաթսունըվեց է։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy