YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 17

17
ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԱՂՕԹԷ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
1Յիսուս երբ ասոնք խօսեցաւ, իր աչքերը դէպի երկինք վերցուց ու ըսաւ. «Հա՛յր, ժամանակը հասեր է, փառաւորէ՛ քու Որդիդ, որպէս զի քու որդիդ ալ քեզ փառաւորէ. 2ինչպէս իրեն իշխանութիւն տուիր ամէն մարմնի վրայ որ յաւիտենական կեանք տայ այն ամենուն զոր իրեն տուիր։ 3Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր։ 4Ես քեզ երկրի վրայ փառաւորեցի, այն գործը որ ինծի տուիր ընելու՝ լմնցուցի։ 5Եւ հիմա, ո՛վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս քու քովդ այն փառքովը որ աշխարհի ըլլալէն առաջ քովդ ունէի։ 6Քու անունդ յայտնի ըրի այն մարդոց, որոնք աշխարհէն ինծի տուիր։ Քուկդ էին ու ինծի տուիր զանոնք եւ անոնք քու խօսքդ պահեցին։ 7Հիմա գիտցան թէ այն ամէն բաները որոնք ինծի տուիր, քեզմէ են. 8վասն զի այն խօսքերը որոնք ինծի տուիր, ես անոնց տուի, անոնք ալ ընդունեցին եւ ճշմարտութեամբ իմացան թէ ես քեզմէ ելայ ու հաւատացին թէ դուն ղրկեցիր զիս։ 9Ես անոնց համար կ’աղաչեմ. ոչ թէ՝ աշխարհին համար, այլ անոնց հանար՝ որ դուն ինծի տուիր, վասն զի քուկդ են անոնք։ 10Եւ ինչ որ իմս է՝ ան քուկդ է եւ ինչ որ քուկդ է՝ ան իմս է ու ես անոնցմով փառաւորուած եմ։ 11Ես ա՛լ աշխարհի մէջ չեմ, բայց անոնք աշխարհի մէջ են։ Ես քեզի կու գամ, ո՛վ Սուրբ Հայր, քու անունովդ պահէ զանոնք, որ դուն ինծի տուիր, որպէս զի մէկ ըլլան, ինչպէս մենք մէկ ենք։ 12Երբ ես աշխարհի մէջ անոնց հետ էի, ես կը պահէի զանոնք քու անունովդ։ Անոնք որ դուն ինծի տուիր, ես պահեցի եւ անոնցմէ մէ՛կը չկորսուեցաւ, միայն թէ այն կորստեան որդին, որպէս զի գրուածը կատարուի։ 13Ա՛լ հիմա քեզի կու գամ։ Աշխարհի մէջ այս բաները կը խօսիմ, որպէս զի իմ ուրախութիւնս իրենց անձերուն մէջ կատարեալ ըլլայ։ 14Ես քու խօսքդ անոնց տուի ու աշխարհ զանոնք ատեց, վասն զի աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ։ 15Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես։ 16Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ։ 17Սրբէ՛ զանոնք քու ճշմարտութիւնովդ։ Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է։ 18Ինչպէս դուն զիս աշխարհ ղրկեցիր, ես ալ զանոնք աշխարհ ղրկեցի։ 19Անոնց համար ես իմ անձս կը սրբացնեմ, որպէս զի իրենք ալ ճշմարտութիւնով սրբանան։ 20Բայց միայն անոնց համար չեմ աղաչեր, այլ բոլոր անոնց համար ալ, որոնք անոնց խօսքով ինծի պիտի հաւատան. 21որպէս զի ամէնքն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս՝ ու ես քու մէջդ, որպէս զի անոնք ալ մեր մէջ մէկ ըլլան եւ աշխարհ հաւատայ թէ դուն ղրկեցիր զիս։ 22Այն փառքը որ դուն ինծի տուիր, ես անոնց տուի, որպէս զի մէկ ըլլան՝ ինչպէս մենք մէկ ենք. 23(ես՝ անոնց մէջ եւ դուն՝ իմ մէջս). որպէս զի իրենք կատարեալ ըլլան միութեան մէջ ու աշխարհ գիտնայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս ու սիրեցիր զանոնք՝ ինչպէս զիս սիրեցիր։ 24Ո՛վ Հայր, զանոնք որ դուն ինծի տուիր, կ’ուզեմ որ ուր որ ես ըլլամ, անոնք ալ ինծի հետ ըլլան, որպէս զի տեսնեն իմ փառքս, որ ինծի տուիր. վասն զի դուն զիս սիրեցիր աշխարհի սկիզբէն առաջ։ 25Ո՛վ արդար Հայր, աշխարհ քեզ չճանչցաւ, բայց ես քեզ ճանչցայ եւ ասոնք ճանչցան թէ դո՛ւն զիս ղրկեցիր։ 26Քու անունդ անոնց ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ, որպէս զի այն սէրը, որով դուն զիս սիրեցիր, անոնց մէջ ըլլայ ու ես ալ անոնց մէջ»։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy