YouVersion Logo
Search Icon

ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 3

3
ԿԱՂԸ ԲԺՇԿՈՒԵՑԱՒ
1Օր մը Պետրոս ու Յովհաննէս իններորդ ժամու աղօթքին ատենը մէկտեղ տաճար գացին։ 2Հոն իր մօրը որովայնէն կաղ ծնած մարդ մը կը բերէին եւ ամէն օր տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դրանը քով կը դնէին, որպէս զի տաճարը մտնողներէն ողորմութիւն խնդրէ։ 3Ան՝ տեսնելով Պետրոսը եւ Յովհաննէսը, որ տաճարը մտնելու վրայ էին, կ’աղաչէր որ ողորմութիւն տան։ 4Իսկ Պետրոս Յովհաննէսին հետ մէկտեղ անոր նայեցաւ ու ըսաւ. «Մեզի՛ նայէ»։ 5Ան ալ դէպի անոնց դարձաւ ու կը յուսար թէ անոնցմէ բան մը պիտի առնէ։ 6Պետրոս ըսաւ. «Արծաթ ու ոսկի չունիմ, հապա ինչ որ ունիմ՝ զայն քեզի կու տամ։ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունով ելի՛ր ու քալէ՛»։ 7Անոր աջ ձեռքէն բռնեց ու վերցուց զանիկա ու իսկոյն անոր ոտքին թաթերը ու կոճերը զօրացան։ 8Եւ վեր ցատկելով կայնեցաւ ու քալեց եւ անոնց հետ տաճարը մտաւ, քալելով ու ցատկելով եւ Աստուած օրհնելով։ 9Բոլոր ժողովուրդը տեսաւ զանիկա որ կը քալէր ու Աստուած կ’օրհնէր։ 10Գիտէին թէ ան ողորմութեան համար տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դրանը քով կը նստէր։ Զարմանքով ու ապշութեամբ լեցուեցան այս եղած բանին համար։
ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ
11Քանի որ #3.11 Ոմանք, այն բժշկուած կաղըանիկա Պետրոսին ու Յովհաննէսին յարեր էր, բոլոր ժողովուրդը զարմացած մէկտեղ վազեցին անոնց քով այն սրահը, որ Սողոմոնին Սրահը կը կոչուէր։ 12Պետրոս ասիկա տեսնելով՝ ըսաւ ժողովուրդին. «Ո՛վ Իսրայէլացի մարդիկ, ինչո՞ւ զարմացեր էք ասոր վրայ, կամ ինչո՞ւ աչքերնիդ տնկած մեզի կը նայիք։ Միթէ մեր զօրութիւնովը կամ բարեպաշտութիւնո՞վը ատոր քալել տուինք։ 13Աբրահամին ու Իսահակին եւ Յակոբին Աստուածը, մեր հայրերուն Աստուածը, փառաւորեց իր Որդին Յիսուսը, որ դուք մատնեցիք եւ ուրացաք Պիղատոսին առջեւ՝ երբ ինք վճռեց որ արձակէ։ 14Բայց դուք այն Սուրբը եւ Արդարը ուրացաք ու խնդրեցիք որ մարդասպան մարդ մը ձեզի շնորհուի. 15բայց կենաց Առաջնորդը սպաննեցիք, որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, որուն մենք վկայ ենք։ 16Անոր անուանը հաւատքով՝ անոր անունը զօրացուց ասիկա, որ դուք կը տեսնէք ու կը ճանչնաք։ Այդ հաւատքն է, որ առողջացուց զայն ձեր ամենուն առջեւ։ 17Հիմա, ե՛ղբայրներ, գիտեմ թէ չգիտնալով ըրիք, ինչպէս ձեր իշխաններն ալ։ 18Բայց Աստուած՝ ինչ որ նախապէս իր բոլոր մարգարէներուն բերնով յայտներ էր Քրիստոսին չարչարուելուն մասին՝ այնպէս կատարեց։ 19Ուստի ապաշխարեցէ՛ք ու դարձի՛ եկէք, որպէս զի մեղքերնիդ ջնջուի. 20որպէս զի սփոփանքի ժամանակները գան Տէրոջը երեսէն եւ նախապէս #3.20 Ոմանք, ձեզի համար սահմանուածձեզի քարոզուած Յիսուս Քրիստոսը ղրկէ. 21որ պէտք է երկինք ընդունի մինչեւ այն ատենները՝ երբ բոլոր բաները կարգադրուին, որոնց համար Աստուած սկիզբէն ի վեր իր սուրբ մարգարէներուն բերնով խօսած է։ 22#3.22 Ոմանք, քանզի ՄովսէսՄովսէս մեր հայրերուն ըսաւ թէ՝ ‘Ձեր Տէր Աստուածը ձեր եղբայրներէն ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ ձեզի. անոր մտի՛կ ըրէք՝ ամէն ինչ որ ձեզի խօսի’։ 23Եւ ո՛վ որ այն մարգարէին մտիկ չընէ, ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսուի։ 24Ու բոլոր մարգարէները, Սամուէլէն սկսած, խօսեցան եւ այս օրերուն համար ալ իմացուցին։ 25Դուք էք մարգարէներուն որդիները եւ այն ուխտին, որ Աստուած մեր հայրերուն հետ ըրաւ ու ըսաւ Աբրահամին. ‘Քու սերունդովդ պիտի օրհնուին երկրի բոլոր ազգերը’։ 26Աստուած իր #3.26 Ոմանք, Որդին ՅիսուսըՈրդին յարուցանելով՝ առաջ ձեզի ղրկեց զանիկա, որպէս զի ձեզ օրհնէ, ամէն մէկդ ձեր չարութիւններէն դարձնելով»։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy