YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 1

1
1Պօղոս եւ Սիղուանոս ու Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով. 2շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի #1.2 Ոմանք չունինԱստուծմէ՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷՑԻՆԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԸ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔԸ
Կը գոհանանք Աստուծմէ ամէն ատեն ձեր ամենուն համար՝ ձեզ յիշելով մեր աղօթքներուն մէջ. 3անդադար յիշելով ձեր հաւատքին գործը ու սիրոյ աշխատութիւնը եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին յոյսին համբերութիւնը՝ Աստուծոյ ու մեր Հօրը առջեւ։ 4Գիտցէ՛ք, սիրելի եղբայրներ, թէ Աստուած ձեզ ընտրեց 5եւ մեր աւետարանը ո՛չ միայն խօսքով քարոզուեցաւ ձեզի, հապա զօրութիւնով ալ եւ Սուրբ Հոգիով ու ստուգութեամբ, ինչպէս գիտէք ալ թէ ի՛նչպէս կեցանք ձեր մէջ ձեզի համար։ 6Դուք ալ՝ մեզի ու Տէրոջը նմանելով ընդունեցիք խօսքը շատ նեղութեան մէջ Սուրբ Հոգիին ուրախութիւնովը։ 7Այնպէս որ դուք օրինակ եղաք բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք Մակեդոնիայի ու Աքայիայի մէջ են։ 8Վասն զի ձեզմէ հռչակուեցաւ Տէրոջը խօսքը, ո՛չ միայն Մակեդոնիայի ու Աքայիայի մէջ, հապա նաեւ ամէն տեղ տարածուեցաւ ձեր հաւատքը, որ ունիք Աստուծոյ վրայ, այնպէս որ ա՛լ պէտք չունինք բան մը խօսելու։ 9Քանզի իրենք կը պատմեն մեզի համար, թէ ի՛նչպէս մեզ ընդունեցիք եւ ի՛նչպէս դուք կուռքերէն Աստուծոյ դարձաք՝ կենդանի ու ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու 10եւ սպասելու անոր Որդիին՝ երկնքէն գալուն, որ ինք մեռելներէն յարուցանեց, այսինքն Յիսուսը, որ կ’ազատէ մեզ գալու բարկութենէն։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy