YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 2

2
ՊՕՂՈՍԻՆ ԳՈՐԾԸ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋ
1Եղբա՛յրներ, դուք ձեզմէ գիտէք թէ ձեր մէջ մտնելնիս՝ պարապ տեղը չեղաւ. 2հապա առաջ Փիլիպպէի մէջ չարչարանք կրելէ ու անարգուելէ վերջ համարձակութիւն ունեցանք Աստուծմով ձեզի պատմելու Աստուծոյ աւետարանը՝ մեծ հակառակութեան մէջ։ 3Վասն զի մեր յորդորանքը ո՛չ մոլորութենէ է ու ո՛չ պղծութենէ եւ ո՛չ խաբէութեամբ. 4հապա ինչպէս մենք Աստուծմէ ընտրուեցանք ու աւետարանը մեզի ինչպէս վստահուեցաւ այնպէս կը խօսինք, ո՛չ թէ մարդոց հաճոյ ըլլալու համար, հապա Աստուծոյ՝ որ մեր սրտերը կը քննէ։ 5Մենք բնաւ շողոքորթութեան խօսքեր չգործածեցինք, ինչպէս գիտէք, ո՛չ ալ ագահութենէ թելադրուած, Աստուած վկայ է։ 6Մարդոցմէ փառք չփնտռեցինք, ո՛չ ձեզմէ, ո՛չ ալ ուրիշներէն, 7թէեւ կրնայինք իբրեւ Քրիստոսին առաքեալներ ծանրութիւն ըլլալ, բայց մենք համեստ եղանք ձեր մէջ։ 8Ինչպէս դայեակ մը որ իր երախաները կը խնամէ, նոյնպէս մենք ձեր վրայ գորով ունենալով՝ կը յօժարէինք ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը ձեզի տալ, հապա մեր անձերն ալ. վասն զի դուք մեր սիրելիներն էիք։ 9Կը յիշէք, ե՛ղբայրներ, մեր աշխատութիւնը ու ջանքը, որ ձեզմէ մէկուն նեղութիւն չտալու համար գիշեր ու ցորեկ գործեցինք, ձեզի Աստուծոյ աւետարանը քարոզեցինք։ 10Դուք վկայ էք եւ Աստուած ալ՝ թէ ի՛նչպէս սրբութիւնով ու արդարութիւնով եւ անարատութիւնով վարուեցանք ձեզի հետ՝ որ հաւատացիք. 11ինչպէս գիտէք, ձեզմէ ամէն մէկը՝ ինչպէս հայր մը իր որդիները, 12այնպէս կը յորդորէինք ու կը մխիթարէինք եւ կը վկայէինք, որպէս զի դուք Աստուծոյ հաճելի եղածին պէս քալէք, որ ձեզ իր թագաւորութեանը ու փառքին կանչեց։ 13Ասոր համար մենք ալ անդադար կը գոհանանք Աստուծմէ, որ մեզմէ Աստուծոյ խօսքը լսելով ընդունեցիք, ո՛չ թէ իբրեւ մարդոց խօսք, հապա, ինչպէս ճշմարիտ է, որպէս Աստուծոյ խօսք, որ նաեւ կը ներգործէ ձեր մէջ, որուն կը հաւատաք։ 14Քանզի դուք, եղբա՛յրներ, նմանեցաք Աստուծոյ այն եկեղեցիներուն, որոնք Հրէաստանի մէջ են Քրիստոս Յիսուսով. վասն զի դուք ալ նոյն չարչարանքները կրեցիք ձեր համազգիներէն, ինչպէս անոնք ալ՝ Հրեաներէն. 15որոնք Տէր Յիսուսն ալ մեռցուցին՝ #2.15 Ոմանք, իրենց մարգարէներնմարգարէներն ալ եւ մեզ հալածեցին ու Աստուծոյ՝ անհաճոյ եւ բոլոր մարդոց հակառակ են։ 16Մեզի կ’արգիլեն հեթանոսներուն խօսիլ՝ անոնց փրկութեանը համար, որպէս զի իրենց մեղքերուն չափը լեցնեն ամէն ատեն եւ բարկութիւնը անոնց վրայ հասեր է մինչեւ վերջանալը։
ՊՕՂՈՍ ԿՐԿԻՆ ԱՅՑԵԼԵԼ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ
17Իսկ մենք, եղբա՛յրներ, իրաւ քիչ մը ատեն ձեզմէ որբ մնացինք երեսով ու ո՛չ թէ սրտով, բայց աւելի ջանացինք ձեր երեսը տեսնել մեծ փափաքով։ 18Անոր համար ես՝ Պօղոսս՝ մէկ երկու անգամ ուզեցի ձեզի գալ, բայց Սատանան արգիլեց։ 19Քանզի ո՞վ է մեր յոյսը կամ ուրախութիւնը կամ մեր պարծանքին պսակը, եթէ ոչ դուք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին առջեւ անոր գալու ատենը։ 20Որովհետեւ դուք էք մեր փառքը եւ ուրախութիւնը։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy