Որովհետեւ մարդուն ներսէն, այսինքն սիրտէն է որ կ՚ելլեն չար մտածումները.– շնութիւն, պոռնկութիւն, գողութիւն, սպանութիւն, ագահութիւն, չարութիւն, նենգութիւն, գիջութիւն, չար նախանձ, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն, անզգամութիւն։ Այս բոլոր չար բաներն են որ մարդուս ներսէն ելլելով՝ կը պղծեն զայն։