Յիսուս պատասխանեց.
– Կարեւորագոյն պատուիրանը հետեւեալն է. «Լսէ՛, Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը միակ Տէրն է»։ Եւ «Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ մտքովդ եւ ամբողջ զօրութեամբդ»։ Երկրորդը, որ ասոր նման է, ասիկա է. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։ Այս երկուքէն աւելի մեծ պատուիրան չկայ։