1
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:28
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի։
Porovnat
Zkoumat ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:28
2
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:29
Ձեր վրայ առէք իմ լուծս եւ ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ դուք ձեր հոգեկան հանգստութիւնը պիտի գտնէք։
Zkoumat ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:29
3
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:30
Քանի իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ։
Zkoumat ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:30
4
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:27
Հայրս ամէն ինչ տուած է ինծի, եւ ոչ ոք կը ճանչնայ Որդին՝ բացի Հօրմէն, եւ ոչ ոք կը ճանչնայ Հայրը՝ բացի Որդիէն, կամ բացի անկէ՝ որուն յայտնել ուզէ Որդին։
Zkoumat ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:27
5
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:4-5
Յիսուս պատասխանեց. – Գացէք եւ Յովհաննէսի պատմեցէք ինչ որ կը լսէք ու կը տեսնէք. ահա կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ՚առնեն, եւ Աւետարանը աղքատներուն կը քարոզուի։
Zkoumat ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:4-5
6
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:15
Ականջ ունեցողը թող լսէ։
Zkoumat ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:15
Domů
Bible
Plány
Videa