1
ԾՆՆԴՈՑ 32:28
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Անիկա ըսաւ. «Ալ անգամ մըն ալ քու անունդ Յակոբ չըսուի, հապա Իսրայէլ. վասն զի Աստուծոյ հետ ու մարդոց հետ մարտնչեցար եւ յաղթեցիր»։
Compara
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 32:28
2
ԾՆՆԴՈՑ 32:26
Եւ մարդը ըսաւ. «Թո՛ղ տուր զիս, քանզի արշալոյսը երեւցաւ»։ Յակոբ ըսաւ. «Չեմ թողուր քեզ, մինչեւ որ զիս չօրհնես»։
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 32:26
3
ԾՆՆԴՈՑ 32:24
Յակոբ մինակ մնաց ու մարդ մը կը գօտեմարտէր անոր հետ մինչեւ արշալոյս
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 32:24
4
ԾՆՆԴՈՑ 32:30
Յակոբ այն տեղին անունը Փանուէլ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Աստուած դէմ առ դէմ տեսայ ու իմ անձս ողջ մնաց»։
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 32:30
5
ԾՆՆԴՈՑ 32:25
Եւ երբ մարդը տեսաւ թէ անոր չյաղթեց, անոր զիստին ամոլաջիլին դպաւ եւ անոր հետ գօտեմարտած ատենը Յակոբին զստին ամոլաջիլը խախտեցաւ։
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 32:25
6
ԾՆՆԴՈՑ 32:27
Անիկա ըսաւ իրեն. «Ի՞նչ է անունդ»։ Ան ալ ըսաւ. «Յակոբ է»։
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 32:27
7
ԾՆՆԴՈՑ 32:29
Եւ Յակոբ հարցուց ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, անունդ ըսէ ինծի»։ Անիկա ըսաւ. «Ինչո՞ւ իմ անունս կը հարցնես» եւ հոն օրհնեց զանիկա։
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 32:29
8
ԾՆՆԴՈՑ 32:10
Արժանի չեմ այն ամէն ողորմութիւններուն եւ ամէն հաւատարմութեանը, որ դուն քու ծառայիդ ցուցուցիր, քանզի իմ գաւազանովս անցայ այս Յորդանանէն եւ հիմա երկու խումբի տէր եղայ։
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 32:10
9
ԾՆՆԴՈՑ 32:32
Անոր համար Իսրայէլի որդիները զստին վրայի թմրած ջիղը՝ ՝ չեն ուտեր մինչեւ այսօր, որովհետեւ Յակոբին զստին թմրած ջիղին՝ ՝ դպաւ։
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 32:32
10
ԾՆՆԴՈՑ 32:9
Եւ Յակոբ ըսաւ. «Ո՛վ իմ հօրս Աբրահամին Աստուածը ու իմ հօրս Իսահակին Աստուածը, ո՛վ Տէր, որ ըսիր ինծի՝ ‘Քու երկիրդ ու քու հայրենիքդ դարձիր ու քեզի բարիք ընեմ’.
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 32:9
11
ԾՆՆԴՈՑ 32:11
Կ’աղաչեմ քեզի, ազատէ՛ զիս իմ եղբօրս Եսաւին ձեռքէն. որովհետեւ ես անկէ կը վախնամ, որ չըլլայ թէ գայ ու զարնէ զիս ու մայրը տղաքներովը։
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 32:11