1
ԾՆՆԴՈՑ 37:5
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Յովսէփ երազ մը տեսաւ ու իր եղբայրներուն պատմեց։ Անոնք աւելի ատեցին զանիկա։
አወዳድር
{{ጥቅስ}} ያስሱ
2
ԾՆՆԴՈՑ 37:3
Իսրայէլ իր բոլոր որդիներէն աւելի կը սիրէր Յովսէփը, քանզի իր ծերութեանը որդին էր անիկա եւ բազմագոյն պատմուճան մը շինեց անոր։
3
ԾՆՆԴՈՑ 37:4
Անոր եղբայրները տեսնելով որ իրենց հայրը զանիկա իր բոլոր եղբայրներէն աւելի կը սիրէր, ատեցին զանիկա ու խաղաղութեամբ չէին կրնար խօսիլ անոր հետ։
4
ԾՆՆԴՈՑ 37:9
Ուրիշ երազ մըն ալ տեսաւ ու զանիկա իր եղբայրներուն պատմեց ու ըսաւ. «Ահա երազ մըն ալ տեսայ։ Ահա արեւն ու լուսինը ու տասնըմէկ աստղեր ինծի երկրպագութիւն ըրին»։
5
ԾՆՆԴՈՑ 37:11
Եղբայրները նախանձեցան անոր, բայց հայրը իր միտքը պահեց այս խօսքերը։
6
ԾՆՆԴՈՑ 37:6-7
Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Կ’աղաչեմ ձեզի, մտիկ ըրէք այս իմ տեսած երազս. ‘Ահա մենք դաշտին մէջ որաներ կը կապէինք։ Իմ որաս ելաւ ու շիտակ կանգնեցաւ եւ ձեր որաներ անոր բոլորտիքը կանգնեցան ու իմ որայիս երկրպագութիւն ըրին։
7
ԾՆՆԴՈՑ 37:20
Ուստի հիմա եկէք մեռցնենք զանիկա ու գուբի մէջ նետենք ու ըսենք թէ ‘Չար գազան մը կերաւ զանիկա’ եւ տեսնենք թէ անոր երազները ի՛նչ պիտի ըլլան»։
8
ԾՆՆԴՈՑ 37:28
Ու երբ Մադիանացի վաճառականները կ’անցնէին, Յովսէփը գուբէն քաշեցին ու դուրս հանեցին իր եղբայրները եւ Իսմայելացիներուն ծախեցին Յովսէփը քսան կտոր արծաթի։ Անոնք ալ Յովսէփը Եգիպտոս տարին։
9
ԾՆՆԴՈՑ 37:19
Ու իրարու ըսին. «Ահա այն երազ տեսնողը՝ ՝ կու գայ
10
ԾՆՆԴՈՑ 37:18
Երբ եղբայրները զանիկա հեռուէն տեսան, դեռ ինք անոնց չմօտեցած, զանիկա մեռցնելու դաւադրութիւն ըրին
11
ԾՆՆԴՈՑ 37:22
Եւ Ռուբէն ըսաւ անոնց. «Արիւն մի՛ թափէք, բայց զանիկա այս գուբը նետեցէք, որ անապատին մէջ է եւ անոր ձեռք մի՛ զարնէք»։ Այս կ’ըսէր՝ որպէս զի կարենայ ազատել զանիկա անոնց ձեռքէն, իր հօրը դարձնելու համար։