1
ՅԱԿՈԲՈՒ 3:17
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Բայց վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ։
موازنہ
تلاش ՅԱԿՈԲՈՒ 3:17
2
ՅԱԿՈԲՈՒ 3:13
Ձեր մէջ իմաստուն ու խելացի ո՞վ կայ. թող անիկա բարի վարմունքով ցուցնէ իր գործերը եւ իմաստութեան հեզութիւնով։
تلاش ՅԱԿՈԲՈՒ 3:13
3
ՅԱԿՈԲՈՒ 3:18
Արդարութեան պտուղը խաղաղութիւնով կը սերմանուի անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ’ընեն։
تلاش ՅԱԿՈԲՈՒ 3:18
4
ՅԱԿՈԲՈՒ 3:16
Քանզի ուր նախանձ ու կռիւ կայ, հոն են անկարգութիւնը եւ ամէն չար բաները։
تلاش ՅԱԿՈԲՈՒ 3:16
5
ՅԱԿՈԲՈՒ 3:9-10
Անով կ’օրհնենք Աստուած ու Հայրը եւ անով կ’անիծենք մարդիկ՝ որոնք Աստուծոյ նմանութիւնովը ստեղծուած են։ Միեւնոյն բերնէն կ’ելլեն օրհնութիւն ու անէծք։ Ե՛ղբայրներս, պէտք չէ որ այս այսպէս ըլլայ։
تلاش ՅԱԿՈԲՈՒ 3:9-10
6
ՅԱԿՈԲՈՒ 3:6
Լեզուն ալ կրակ մըն է, անիրաւութեան տիեզերք մը։ Լեզուն մեր անդամներուն մէջ այնպէս դրուած է, որ բոլոր մարմինը կ’ապականէ եւ բնութեան շրջանը կը բռնկեցնէ ու ինք գեհեանէն կը բռնկի։
تلاش ՅԱԿՈԲՈՒ 3:6
7
ՅԱԿՈԲՈՒ 3:8
Բայց մարդ լեզուն չի կրնար նուաճել։ Անիկա անզուսպ չար է ու մահաբեր թոյնով լեցուն։
تلاش ՅԱԿՈԲՈՒ 3:8
8
ՅԱԿՈԲՈՒ 3:1
Եղբայրներս, շատ վարդապետող մի՛ ըլլաք, գիտնալով որ աւելի մեծ դատաստան պիտի ընդունինք.
تلاش ՅԱԿՈԲՈՒ 3:1