1
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:26
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Յիսուս անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Ատիկա մարդոց կողմէ անկարելի է, բայց Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է»։
Karşılaştır
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:26 keşfedin
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:6
Ուստի ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին. ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:6 keşfedin
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:4-5
Անիկա ալ անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ան որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք», ու աւելցուց. «Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան։
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:4-5 keşfedin
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:14
Յիսուս ըսաւ. «Թո՛ղ տուէք այդ մանր տղոցը եւ մի արգիլէք ատոնք ինծի գալէն, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:14 keşfedin
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:30
Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին եւ յետիններ՝ առաջին»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:30 keşfedin
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:29
Ով որ թողուց տուներ կամ եղբայրներ կամ քոյրեր կամ հայր կամ մայր կամ կին կամ որդիներ կամ արտեր իմ անուանս համար, հարիւրապատիկ պիտի առնէ եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ։
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:29 keşfedin
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:21
Յիսուս ըսաւ. «Եթէ կ’ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա ունեցածդ ծախէ, տուր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:21 keşfedin
8
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:17
անիկա ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես. մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։ Եթէ կ’ուզես յաւիտենական կեանքը մտնել, պատուիրանքները պահէ»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:17 keşfedin
9
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:24
Դարձեալ կ’ըսեմ ձեզի. «Դիւրին է որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:24 keşfedin
10
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:9
Սակայն ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ։ Եւ ով որ արձակուածը առնէ, շնութիւն կ’ընէ’»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:9 keşfedin
11
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:23
Այն ատեն Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ հարուստը դժուարաւ պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:23 keşfedin
Ana Sayfa
Kutsal Kitap
Okuma Planları
Videolar