1
ԾՆՆԴՈՑ 22:14
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Աբրահամ այն տեղին անունը Եհովայիրէ կոչեց, որ մինչեւ այսօր կ’ըսուի։ Տէրը լերանը մէջ պիտի երեւնայ։
Porównaj
Przeglądaj ԾՆՆԴՈՑ 22:14
2
ԾՆՆԴՈՑ 22:2
Աստուած ըսաւ. «Հիմա քու սիրած մէկ հատիկ որդիդ Իսահակը առ ու Մօրիայի երկիրը գնա եւ հոն զանիկա ողջակէզ ըրէ լեռներէն մէկուն վրայ, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ»։
Przeglądaj ԾՆՆԴՈՑ 22:2
3
ԾՆՆԴՈՑ 22:12
Հրեշտակը ըսաւ. «Տղուն ձեռք մի՛ դպցներ եւ անոր բան մը մի՛ ըներ. քանզի հիմա գիտցայ թէ Աստուծմէ կը վախնաս. որովհետեւ քու մէկ հատիկ որդիդ ինծմէ չխնայեցիր»։
Przeglądaj ԾՆՆԴՈՑ 22:12
4
ԾՆՆԴՈՑ 22:8
Եւ Աբրահամ ըսաւ. «Աստուած իրեն ողջակէզ ըլլալու գառը պիտի պատրաստէ, որդեակ իմ»։
Przeglądaj ԾՆՆԴՈՑ 22:8
5
ԾՆՆԴՈՑ 22:17-18
Քեզ օրհնելով պիտի օրհնեմ ու քու սերունդդ երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքը եղող աւազին պէս խիստ պիտի շատցնեմ եւ քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները պիտի ժառանգէ Ու երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին, որովհետեւ իմ ձայնիս ականջ դրիր»։
Przeglądaj ԾՆՆԴՈՑ 22:17-18
6
ԾՆՆԴՈՑ 22:1
Այս բաներէն ետքը Աստուած փորձեց Աբրահամը ու ըսաւ անոր. «Ո՛վ Աբրահամ» եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։
Przeglądaj ԾՆՆԴՈՑ 22:1
7
ԾՆՆԴՈՑ 22:11
Տէրոջը հրեշտակը երկնքէն կանչեց ու ըսաւ. «Աբրահա՛մ, Աբրահա՛մ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։
Przeglądaj ԾՆՆԴՈՑ 22:11
8
ԾՆՆԴՈՑ 22:15-16
Տէրոջը հրեշտակը երկրորդ անգամ երկնքէն Աբրահամը կանչեց Ու ըսաւ. «Իմ անձիս վրայ երդում ըրի, կ’ըսէ Տէրը, որովհետեւ այս բանը ըրիր ու ինծի համար քու մէկ հատիկ որդիդ չխնայեցիր
Przeglądaj ԾՆՆԴՈՑ 22:15-16
9
ԾՆՆԴՈՑ 22:9
Այսպէս երկուքը մէկտեղ գացին ու հասան այն տեղը, որ Աստուած անոր ըսեր էր։ Աբրահամ հոն սեղան մը շինեց ու փայտերը շարեց եւ իր որդին Իսահակը կապեց ու զանիկա սեղանին փայտերուն վրայ դրաւ։
Przeglądaj ԾՆՆԴՈՑ 22:9