1
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:7
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
«Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի։
Sammenlign
Utforsk ՄԱՏԹԷՈՍ 7:7
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:8
Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ, եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր։
Utforsk ՄԱՏԹԷՈՍ 7:8
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:24
«Արդ ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը կատարէ զանոնք, զանիկա պիտի նմանցնեմ խելացի մարդու մը՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց։
Utforsk ՄԱՏԹԷՈՍ 7:24
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:12
Ուստի ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները»։
Utforsk ՄԱՏԹԷՈՍ 7:12
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:14
Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուածք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։
Utforsk ՄԱՏԹԷՈՍ 7:14
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:13
«Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։
Utforsk ՄԱՏԹԷՈՍ 7:13
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:11
Ուստի եթէ դուք որ չար էք, ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը որ երկինքն է, բարի բաներ պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն։
Utforsk ՄԱՏԹԷՈՍ 7:11
8
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:1-2
«Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անով պիտի չափուի ձեզի։
Utforsk ՄԱՏԹԷՈՍ 7:1-2
9
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:26
Այն որ այս իմ խօսքերս կը լսէ ու չի կատարեր, կը նմանի անխելք մարդու մը՝ որ իր տունը աւազի վրայ շինեց։
Utforsk ՄԱՏԹԷՈՍ 7:26
10
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:3-4
Եւ ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։ Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ, ‘Թող տուր աչքէդ շիւղը հանեմ’. եւ ահա քու աչքիդ մէջ գերան կայ։
Utforsk ՄԱՏԹԷՈՍ 7:3-4
11
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:15-16
«Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են։ Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ Միթէ փուշերէն խաղող կը քաղե՞ն, կամ տատասկէն՝ թուզ։
Utforsk ՄԱՏԹԷՈՍ 7:15-16
12
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:17
Այսպէս ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ եւ չար ծառ չար պտուղ կու տայ։
Utforsk ՄԱՏԹԷՈՍ 7:17
13
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:18
Բարի ծառը չի կրնար չար պտուղ տալ, ոչ ալ չար ծառը բարի պտուղ տալ։
Utforsk ՄԱՏԹԷՈՍ 7:18
14
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:19
Ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի տար, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի։
Utforsk ՄԱՏԹԷՈՍ 7:19
Hjem
Bibel
Leseplaner
Videoer