YouVersion Logo
Search Icon

ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 9

9
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԻՐ ԸՆՏՐԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
1Ստոյգը կ’ըսեմ Քրիստոսով ու չեմ ստեր, (իմ խիղճս ալ ինծի կը վկայէ Սուրբ Հոգիով), 2որ մեծ տրտմութիւն է ինծի ու իմ սրտիս ցաւը անպակաս է։ 3Քանզի ես ինքս կը փափաքէի նզովուիլ Քրիստոսէն, մարմնի կողմէ իմ եղբայրներուս ու ազգականներուս համար, 4որոնք Իսրայէլացի են. որոնցն է որդեգրութիւնը, փառքը, ուխտերը, օրէնսդրութիւնը, պաշտօնն ու խոստումները։ 5Իրենցն են նահապետները, Քրիստոս ալ իրենցմէ եկաւ մարմնի կողմանէ, որ ինքը օրհնեալ Աստուած է ամենուն վրայ յաւիտեանս։ Ամէն։ 6Բայց Աստուծոյ խօսքը երբեք գետին ինկած չէ. քանզի ոչ թէ ամէն անոնք որ Իսրայէլէն են՝ Իսրայէլացի են 7եւ ոչ թէ Աբրահամին սերունդ ըլլալնուն համար ամէնքը որդիներ են. այլ «Իսահակով քեզի սերունդ պիտի կոչուի»։ 8Այսինքն՝ ո՛չ թէ անոնք որ մարմնին որդիներ են՝ Աստուծոյ որդիներ ալ են, հապա խոստումի որդիները սերունդ կը սեպուին։ 9Վասն զի խոստումը այս էր, թէ՝ «Երբ դառնամ՝ Սառան որդի մը պիտի ունենայ»։ 10Ո՛չ միայն այսքան, հապա Ռեբեկայէն ալ յայտնի է որ յղացաւ մէկէն, այսինքն՝ մեր Իսահակ հօրմէն. 11վասն զի տղաքը դեռ չծնած եւ դեռ աղէկ կամ գէշ բան մը չգործած, (որպէս զի Աստուծոյ նախասահմանութիւնը հաստատ մնայ ընտրութեանը պէս, 12ոչ թէ գործերէն, հապա անկէ՛ որ կանչեց), իրեն ըսուեցաւ թէ՝ 13«Մեծը պզտիկին պիտի ծառայէ». ինչպէս գրուած է թէ՝ «Յակոբը սիրեցի, բայց Եսաւը ատեցի»։
14Ուրեմն ի՞նչ ըսենք։ Միթէ Աստուծոյ քով անիրաւութի՞ւն կայ։ Քա՛ւ լիցի։ 15Վասն զի Մովսէսին կ’ըսէ. «Որու որ պիտի ողորմիմ՝ կ’ողորմիմ ու որու վրայ որ պիտի գթամ՝ կը գթամ»։ 16Ուրեմն մարդուն ուզելէն կամ ջանքէն չէ, հապա Աստուծմէ՝ որ կ’ողորմի։ 17Քանզի գիրքը Փարաւոնին կ’ըսէ. «Անոր համար քեզ վերցուցի, որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի»։ 18Ուստի որո՛ւ որ ուզէ՝ կ’ողորմի եւ որը ուզէ՝ կը խստացնէ։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆԸ
19Ուրեմն ինծի պիտի ըսես թէ՝ «Ա՛լ ինչո՞ւ մեղադիր կ’ըլլայ. վասն զի ո՞վ կրնայ անոր կամքին դէմ դնել»։ 20Բայց դուն ո՞վ ես, ո՛վ մարդ, որ Աստուծոյ հակառակ պատասխան կու տաս։ Միթէ ստեղծուածը իր Ստեղծողին կրնա՞յ ըսել թէ՝ «Զիս ինչո՞ւ այդպէս շինեցիր»։ 21Բրուտը իշխանութիւն չունի՞ կաւին վրայ՝ նոյն զանգուածէն ամաններ շինելու։ Ոմանքը՝ պատուի, ուրիշներ՝ անարգանքի համար։ 22Արդ՝ ի՞նչ կրնայ ըսել մէկը, եթէ Աստուած իր բարկութիւնը եւ զօրութիւնը ցուցնելէ առաջ, շատ համբերութիւն եւ երկայնամտութիւն ցոյց տայ ա՛յն անօթներուն, որոնք բարկութեան առարկայ եղած են եւ կորուստի դատապարտուած 23եւ կամ եթէ ուզէ իր փառքին ճոխութիւնը ցուցնել ողորմութիւն գտնող անօթներուն, այն փառքին համար, որ նախապէս պատրաստեց. 24այսինքն՝ մեզի՝ որ կանչեց, ո՛չ թէ միայն Հրեաներէն, հապա հեթանոսներէն ալ. 25ինչպէս Ովսէէի մէջ ալ կ’ըսէ. «Իմ ժողովուրդս չեղողը իմ ժողովուրդս պիտի կոչեմ ու սիրելի չեղողը՝ սիրելի։ 26Այն տեղ՝ ուր անոնց ըսուեցաւ թէ՝ ‘Դուք իմ ժողովուրդս չէք’, հոն անոնք ‘Կենդանի Աստուծոյ որդիները’ պիտի կոչուին.» 27Եսայի ալ Իսրայէլի համար կ’աղաղակէ. «Եթէ Իսրայէլի որդիներուն թիւը ծովու աւազին չափ ալ ըլլայ, միայն մնացորդ մը պիտի ազատի։ 28Քանզի Տէրը համառօտ եւ կտրուկ կ’ընէ արդարութեամբ. վասն զի Տէրը կարճ բան մը պիտի ընէ երկրի վրայ»։ 29Եւ ինչպէս Եսայի նախապէս ըսաւ. «Եթէ զօրաց Տէրը մեզի սերունդ թողուցած չըլլար, մենք Սոդոմի պէս պիտի ըլլայինք ու Գոմորի պիտի նմանէինք»։
ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ
30Ուրեմն ի՞նչ ըսենք։ Թէ հեթանոսները որոնք արդարութեան չէին հետեւեր՝ արդարութեան հասան, ա՛յն արդարութեան՝ որ հաւատքէն է. 31բայց Իսրայէլ, որ արդարութեան օրէնքին կը հետեւէր, արդարութեան օրէնքին չհասաւ։ 32Ինչո՞ւ համար. վասն զի ո՛չ թէ հաւատքով, հապա որպէս թէ օրէնքին գործերով ուզեց արդարանալ։ Անոնք գայթակղութեան վէմին վրայ գլորեցան. 33ինչպէս գրուած է. «Ահա Սիօնի մէջ գայթակղութեան քար մը կը դնեմ ու գլորելու վէմ մը. եւ ամէն ով որ անոր հաւատայ, պիտի չամչնայ».

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy