YouVersion Logo
Search Icon

ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 11

11
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ
1Ուստի կը հարցնեմ. «Միթէ Աստուած իր ժողովուրդը մերժե՞ց»։ Քա՛ւ լիցի. վասն զի ես ալ Իսրայէլացի եմ, Աբրահամին սերունդէն, Բենիամինին ցեղէն։ 2Աստուած չմերժեց իր ժողովուրդը որ ինք նախապէս ճանչցաւ։ Միթէ չէ՞ք գիտեր թէ Եղիային պատմութեանը մէջ գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ, երբ անիկա Իսրայէլին համար կը գանգատէր Աստուծոյ. 3«Տէ՛ր, քու մարգարէներդ մեռցուցին ու քու սեղաններդ փլցուցին, միայն ես մնացեր եմ եւ իմ անձս ալ կը փնտռեն»։ 4Բայց ի՞նչ ըսաւ աստուածային պատասխանը. «Ինծի թողուցի եօթը հազար մարդիկ, որոնք Բահաղի ծնրադրութիւն չըրին»։ 5Հիմա ալ շնորհքով ընտրուած մնացորդ մը կայ։ 6Եւ եթէ շնորհքով, ուրեմն ա՛լ գործերէն չէ. ապա թէ ոչ՝ շնորհքը ա՛լ շնորհք չըլլար. #11.6 Ոմանք չունինիսկ եթէ գործերէն է, ա՛լ շնորհք չէ. ապա թէ ոչ գործը ա՛լ գործ չըլլար 7ուստի ի՞նչ. Իսրայէլ չհասաւ այն բանին որ կը փնտռէր։ Ընտրուածները հասան ու մնացածները կուրցան 8(ինչպէս գրուած է՝ «Աստուած անոնց թմրութեան ոգի տուաւ։ Աչքեր՝ որոնցմով պիտի չտեսնեն ու ականջներ՝ որոնցմով պիտի չլսեն’), մինչեւ այսօր»։ 9Եւ Դաւիթ կ’ըսէ. «Անոնց սեղանը իրենց որոգայթ ու որս եւ գայթակղութիւն ու հատուցում ըլլայ. 10անոնց աչքերը պիտի մթննան, որպէս զի չտեսնեն ու անոնց կռնակը միշտ վար պիտի ծռի»։ 11Ուրեմն կ’ըսեմ. «Միթէ անո՞ր համար անոնք յանցանք գործեցին որ կործանին»։ Քա՛ւ լիցի. հապա իրենց յանցանքովը հեթանոսներուն փրկութիւն եղաւ, որպէս զի անոնց նախանձը շարժէ։ 12Ուստի եթէ անոնց յանցանքը աշխարհի մեծութիւն եղաւ ու անոնց նուաստութիւնը՝ հեթանոսներուն մեծութիւն, ալ որչա՜փ աւելի անոնց լրութիւնը։
ՀԵԹԱՆՈՍՆԵՐՈՒՆ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ
13Բայց կ’ըսեմ ձեզի՝ հեթանոսներուդ՝ «Որովհետեւ հեթանոսներուն առաքեալն եմ, իմ պաշտօնս կը մեծարեմ. 14որպէս զի թերեւս իմ մարմինէս եղողներուն նախանձը շարժեմ ու անոնցմէ մէկ քանիները ապրեցնեմ»։ 15Վասն զի եթէ անոնց մերժուիլը աշխարհի հաշտութիւն է, հապա անոնց ընդունուիլը ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ ոչ՝ մեռելներէն կենդանանալ։ 16Արդ՝ եթէ երախայրին սուրբ է, նաեւ զանգուածը եւ եթէ արմատը սուրբ է, ուրեմն ճիւղերն ալ։ 17Եթէ այն ճիւղերէն մէկ քանիները կոտրտեցան ու դուն որ վայրենի ձիթենի էիր՝ անոնց վրայ պատուաստուեցար ու ձիթենիին արմատին եւ պարարտութեանը հաղորդ եղար, 18ճիւղերուն դէմ մի՛ պարծենար. իսկ եթէ պարծենաս, յիշէ թէ դուն արմատը վեր չես բռներ, հապա արմատը՝ քեզ։ 19Ուրեմն պիտի ըսես՝ «Ճիւղերը կոտրեցան որպէս զի ես պատուաստուիմ»։ 20Աղէ՛կ, անոնք անհաւատութիւնով կոտրեցան ու դուն հաւատքով հաստատուեցար։ Մի՛ հպարտանար, հապա վախցիր. 21վասն զի եթէ Աստուած բնական ճիւղերուն չխնայեց, գուցէ քեզի ալ չխնայէ։ 22Ուստի տե՛ս Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու խստութիւնը։ Կործանուածներուն վրայ՝ խստութիւնը եւ քու վրադ՝ քաղցրութիւնը, եթէ այն քաղցրութեան մէջ կենաս, ապա թէ ոչ դուն ալ պիտի կորսուիս։ 23Իսկ անոնք եթէ իրենց անհաւատութեանը մէջ չկենան, պիտի պատուաստուին, վասն զի Աստուած կարող է զանոնք նորէն պատուաստել։ 24Քանզի եթէ դուն քեզի բնական եղող վայրենի ձիթենիէն կտրուեցար ու այն բարի ձիթենիին վրայ, որ քեզի բնական չէր, պատուաստուեցար, ալ որչա՜փ աւելի անոնք որ բնական ճիւղեր են, պիտի պատուաստուին իրենց ձիթենիին վրայ։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈԼՈՐԻՆ
25Վասն զի չեմ ուզեր, եղբայրնե՛ր, որ չգիտնաք այս խորհուրդը, (որպէս զի ինքզինքնիդ իմաստուն չսեպէք), որ Իսրայէլին մասամբ կուրութիւն եղաւ, մինչեւ հեթանոսներուն լրութիւնը մտնէ։ 26Այսպէս՝ բոլոր Իսրայէլ պիտի փրկուի. ինչպէս գրուած է՝ «Սիօնէն պիտի գայ Փրկիչը ու Յակոբէն ամբարշտութիւնները մէկդի պիտի դարձնէ»։ 27«Այս է իմ ուխտս անոնց, երբ անոնց մեղքերը վերցնեմ»։ 28Աւետարանին նայելով՝ անոնք թշնամի են ձեր սիրոյն համար. բայց ընտրութեանը նայելով՝ սիրելի են իրենց հայրերուն սիրոյն համար։ 29Վասն զի Աստուծոյ պարգեւներն ու կոչումը առանց զղջալու են։ 30Վասն զի ինչպէս դուք ալ ատեն մը Աստուծոյ չէիք հաւատար բայց հիմա ողորմութիւն գտաք #11.30 Կամ, անոնց անհաւատութեան ատեն, Նոյնպէս անոնք ալ հիմա անհաւատ եղան ձեր ողորմութիւն գտած ատենը՝ որպէս զի անոնքանոնց անհաւատութիւնովը, 31նոյնպէս անոնք ալ հիմա անհաւատ եղան, որպէս զի ձեր ողորմութիւն գտնել ովը՝ իրենք ալ ողորմութիւն գտնեն։ 32Վասն զի Աստուած ամէնքն ալ անհաւատութեան մէջ արգիլեց, որպէս զի ամենուն ողորմի։
ԳՈՎԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
33Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները։ 34«Վասն զի ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, կամ ո՞վ անոր խորհրդակից եղաւ.» 35«կամ ո՞վ նախապէս անոր բան մը տուաւ, որ փոխարէնը իրեն տրուի»։ 36Վասն զի ամէն բաները անկէ ու անով եւ անոր համար են. իրեն փառք յաւիտեանս։ Ամէն։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy