YouVersion Logo
Search Icon

ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1

1
1Պօղոս, Յիսուս Քրիստոսի ծառայ, առաքեալ ըլլալու կանչուած, Աստուծոյ աւետարանին համար որոշուած, 2(որ առաջուընէ իր մարգարէներուն ձեռքով սուրբ գրքերով խոստացաւ), 3Իր Որդիին մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայով, որ մարմնի կողմանէ Դաւիթին սերունդէն եղաւ, 4որ սրբութեան հոգիին կողմանէ Աստուծոյ Որդի յայտնուեցաւ զօրութեամբ՝ մեռելներէն յարութիւն առնելով. 5որով շնորհք եւ առաքելութիւն առինք՝ հաւատքի հնազանդութեան համար բոլոր ազգերուն մէջ, անոր անունին համար. 6որոնց մէջ դուք ալ Յիսուս Քրիստոսին կանչուածներն էք 7ձեր բոլորին, որ Հռովմի մէջ էք, Աստուծոյ սիրելիներուդ, սուրբ ըլլալու կանչուածներուդ, շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
8Նախ կը գոհանամ իմ Աստուծմէս Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով ձեր ամենուն համար, վասն զի ձեր հաւատքը բոլոր աշխարհի մէջ կը պատմուի։ 9Քանզի վկայ է ինծի Աստուած, որ ես կը պաշտեմ իմ հոգիովս անոր Որդիին աւետարանին մէջ, 10թէ անդադար ձեզ կը յիշեմ, ամէն ատեն իմ աղօթքներուս մէջ խնդրելով՝ որ թերեւս անգամ մը Աստուծոյ կամքովը յաջողիմ ձեզի գալու։ 11Քանզի կը փափաքիմ ձեզ տեսնել, որ ձեզի հոգեւոր շնորհք մը հաղորդեմ, որպէս զի հաստատուիք. 12այսինքն ձեզի հետ ես ալ մխիթարուիմ իմ ու ձեր փոխադարձ հաւատքին միջոցով։ 13Սակայն չեմ ուզեր որ չգիտնաք, եղբայրնե՛ր, որ շատ անգամ ուզեցի գալ ձեզի, (եւ մինչեւ հիմա արգիլուեցայ), որպէս զի ձեր մէջ ալ պտուղ մը ունենամ, ինչպէս ուրիշ հեթանոսներու մէջ ալ։ 14Յոյներուն ու բարբարոսներուն, իմաստուններուն ու անմիտներուն ալ պարտական եմ։ 15Ուստի որչափ որ ձեռքէս կու գայ, յօժարութիւն ունիմ ձեզի ալ, որ Հռովմի մէջ էք, աւետարանը քարոզել։
ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
16Վասն զի ես ամօթ չեմ սեպեր #1.16 Ոմանք, Քրիստոսին աւետարանըաւետարանը քանզի Աստուծոյ զօրութիւնն է ան՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար՝ առաջ Հրեային ու ետքը Յոյնին։ 17Վասն զի անով Աստուծոյ արդարութիւնը, որ է հաւատքէն, հաւատքի համար կը յայտնուի. ինչպէս գրուած է թէ՝ «Արդարը հաւատքէն պիտի ապրի»։
ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂՔԸ
18Քանզի Աստուծոյ բարկութիւնը երկնքէն կը յայտնուի մարդոց բոլոր ամբարշտութեանը եւ անիրաւութեանը վրայ, որոնք ճշմարտութիւնը անիրաւութեամբ բռներ են։ 19Վասն զի ինչ որ Աստուծոյ մասին պէտք է գիտնալ՝ իրենց մէջ յայտնի է, որովհետեւ Աստուած անոնց յայտնեց։ 20Քանզի աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը, որպէս զի անպատասխանի մնան։ 21Թէեւ իրենք Աստուած կը ճանչնային բայց Աստուծոյ պէս չփառաւորեցին կամ շնորհակալ չեղան. հապա իրենց խորհուրդներուն մէջ ունայնացան եւ #1.21 Յուն., անմիտ սրտերնինսրտերնին անմտութիւնով խաւարեցաւ։ 22Իրենք իմաստուն ենք ըսին ու յիմարացան 23եւ անեղծ Աստուծոյ փառքը փոխեցին, նմանցնելով եղծանելի մարդու եւ թռչուններու ու չորքոտանիներու եւ սողուններու պատկերին։ 24Անոր համար Աստուած ալ պղծութեան մատնեց զանոնք իրենց սրտերուն ցանկութիւններովը՝ իրենց մարմինները իրենց մէջ անարգելու։ 25Որոնք Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սուտի հետ փոխեցին ու երկրպագութիւն եւ պաշտօն մատուցանեցին ստեղծուածներուն քան թէ Ստեղծողին, որ յաւիտեան օրհնեալ է։ Ամէն։ 26Անոր համար Աստուած զանոնք անարգ կրքերու մատնեց։ Իրենց էգերն անգամ բնական պէտքը բնութեան դէմ եղող պէտքի փոխեցին։ 27Նոյնպէս ալ արուները կնոջ բնական պէտքը թողուցած՝ իրենց ցանկութիւնովը իրարու հետ վառուեցան. արուները արուներու հետ խայտառակութիւն կը գործէին եւ իրենց մոլութեանը վայլած հատուցումը իրենց վրայ կ’ընդունէին։ 28Քանի որ չուզեցին Աստուած իրենց գիտութեանը մէջ պահել, Աստուած ալ զանոնք անարգ խորհուրդներու մատնեց անվայել բաներ ընելու. 29որոնք լեցուած էին ամէն անիրաւութիւնով, պոռնկութիւնով, անզգամութիւնով, ագահութիւնով, չարութիւնով, նախանձով, մարդասպանութիւնով, հակառակութիւնով եւ նենգութիւնով, չարասրտութիւնով եւ էին քսուներ։ 30Չարախօսներ, Աստուած ատողներ, նախատողներ, հպարտներ, ամբարտաւաններ, չար բաներ հնարողներ, ծնողաց անհնազանդներ, 31անմիտներ, ուխտ չպահողներ, անգութներ, անհաշտներ, անողորմներ։ 32Անոնք գիտնալով հանդերձ Աստուծոյ դատաստանը, թէ անոնք որ այսպիսի բաներ կ’ընեն՝ մահուան արժանի են, ո՛չ միայն այն բաները կ’ընեն, հապա ընողներուն ալ հաւանութիւն կու տան։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy