YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 19

19
1Անկէ ետքը շատ բազմութեան մեծ ձայն մը լսեցի երկնքէն, ըսելով. «Ալէլուիա՜. փրկութիւն ու փառք եւ պատիւ ու զօրութիւն մեր #19.1 Ոմանք, Տէր ԱստուծոյնԱստուծոյն. 2վասն զի ճշմարիտ ու արդար են անոր դատաստանները, քանզի դատեց այն մեծ պոռնիկը, որ իր պոռնկութիւնովը երկիրը ապականեց ու իր ծառաներուն արեան վրէժը անոր ձեռքէն պահանջեց»։ 3Եւ կրկին անգամ ըսին. «Ալէլուիա՜. անոր ծուխը յաւիտեանս յաւիտենից պիտի ելլէ»։
ԳԱՌՆՈՒԿԻՆ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻՆ ԸՆԹՐԻՔԸ
4Քսանըչորս երէցները ու չորս կենդանիները ինկան ու երկրպագութիւն ըրին Աստուծոյ, որ աթոռը կը նստի, ըսելով. «Ամէ՛ն, Ալէլուիա՜»։ 5Եւ աթոռէն ձայն մը ելաւ, ըսելով. «Մեր Աստուծոյն օրհնութիւն տուէք, ո՛վ բոլոր ծառաներ ու դուք որ իրմէ կը վախնաք, պզտիկներ ու մեծեր»։ 6Եւ լսեցի ձայն մը մեծ բազմութեան ձայնի պէս ու շատ ջուրերու ձայնի պէս ու սաստիկ որոտումներու ձայնի պէս, որոնք կ’ըսէին. «Ալէլուիա՜, վասն զի [մեր] Ամենակալ Տէր Աստուածը թագաւորեց։ 7Խնդա՛նք եւ ուրախանա՛նք ու փա՛ռք տանք անոր, քանզի Գառնուկին հարսանիքը հասաւ ու անոր կինը ինքզինք պատրաստեց»։
8Եւ իրեն հագնելու համար տրուեցաւ մաքուր ու լուսափայլ բեհեզ, (քանզի այն բեհեզը սուրբերուն արդարութիւնն է)։ 9Եւ ինծի ըսաւ. «Գրէ՛. Երանելի են անոնք, որ Գառնուկին հարսանիքին ընթրիքին կանչուած են» ու ինծի ըսաւ. «Ասոնք են Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքերը»։ 10Ես ալ անոր ոտքերուն առջեւ ինկայ, որպէս զի անոր երկրպագութիւն ընեմ ու ըսաւ ինծի. «Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. վասն զի ես ալ քու ծառայակիցդ եմ ու քու եղբայրներուդ՝ որոնք Յիսուսին վկաներն էին։ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ. (վասն զի Յիսուսին վկայութիւնը մարգարէութեան հոգին է)»։
ՃԵՐՄԱԿ ՁԻԱՒՈՐԸ
11Տեսայ երկինքը բացուած եւ ճերմակ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ կը կոչուի։ Արդարութեամբ դատաստան կը տեսնէ ու կը պատերազմի։ 12Անոր աչքերը կրակի բոցի պէս էին։ Անոր գլխուն վրայ շատ թագեր կային ու գրուած անուն մը ունէր, որ մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն ինք։ 13Արիւնով ներկուած հանդերձ մը հագեր էր։ Անոր անունը Բանն Աստուծոյ էր։ 14Երկնքի մէջ եղող զօրքերը անոր ետեւէն կ’երթային ճերմակ ձիերով, ճերմակ ու մաքուր բեհեզներ հագած։ 15Անոր բերնէն սրած սուր մը կ’ելլէր, որպէս զի անով ազգերը զարնէ ու ինք երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէ զանոնք ու Ամենակալ Աստուծոյ սաստիկ բարկութեանը գինիին հնձանը ինք պիտի կոխէ։ 16Եւ իր պատմուճանին վրայ ու իր ազդրին վրայ գրուած գիր մը ունէր. «ԹԱԳԱՒՈՐ ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ ԵՒ ՏԷՐ ՏԵՐԱՆՑ»։
17Եւ հրեշտակ մըն ալ տեսայ, որ արեւին մէջ կայներ էր ու մեծ ձայնով աղաղակեց երկնքի մէջ թռչող բոլոր թռչուններուն՝ ըսելով. «Եկէք, #19.17 Ոմանք, մեր Աստուծոյ ընթրիքինԱստուծոյ մեծ ընթրիքին հաւաքուեցէ՛ք 18որպէս զի ուտէք թագաւորներուն մարմինները ու հազարապետներուն մարմինները ու ձիերուն եւ անոնց վրայ հեծնողներուն մարմինները ու ամենուն մարմինները, թէ՛ ազատներուն եւ թէ՛ ծառաներուն, թէ՛ պզտիկներուն եւ թէ՛ մեծերուն»։
19Տեսայ գազանը ու երկրի թագաւորները ու անոնց զօրքերը մէկտեղ հաւաքուած պատերազմ ընելու անոր հետ՝ որ ձիուն վրայ հեծեր էր ու անոր զօրքերուն հետ։ 20Գազանը բռնուեցաւ ու անոր հետ սուտ մարգարէն, որ անոր առջեւ նշաններ ըրաւ, որոնցմով մոլորեցուց գազանին դրոշմը ընդունողները եւ անոր պատկերին երկրպագութիւն ընողները։ Երկուքն ալ ողջ ողջ ծծումբով վառուած կրակին լիճը ձգուեցան։ 21Եւ ուրիշներ ալ սպաննուեցան ձիուն վրայ հեծնողին սուրէն, որ անոր բերնէն կ’ելլէր ու բոլոր թռչունները անոնց մարմիններէն կշտացան։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy