YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 17

17
ՄԵԾ ՊՈՌՆԻԿԸ
1Եօթը սկաւառակներ ունեցող եօթը հրեշտակներէն մէկը եկաւ ու ինծի հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Եկո՛ւր ու քեզի ցուցնեմ այն մեծ պոռնիկին դատաստանը, որ շատ ջուրերու վրայ կը նստի. 2որուն հետ երկրին թագաւորները պոռնկացան ու երկրին բնակիչները անոր պոռնկութեան գինիովը գինովցան»։ 3Եւ զիս առաւ անապատը տարաւ հոգիով. ուր տեսայ կին մը, որ կարմիր գազանի մը վրայ նստեր էր։ Այն գազանը լեցուն էր հայհոյութեան անուններով ու եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունէր։ 4Կինը ծիրանի ու կարմիր հագած էր, զարդարուած էր ոսկիով ու պատուական քարերով եւ մարգարիտներով եւ իր ձեռքը ոսկիէ գաւաթ մը ունէր պղծութիւններով ու իր պոռնկութեանը անմաքրութիւններով լեցուն։ 5Անոր ճակտին վրայ անուն մը գրուած էր. «Խորհուրդ՝ Մեծ Բաբելոն՝ պոռնիկներու ու երկրի պղծութիւններուն մայրը»։ 6Տեսայ այն կինը, որ սուրբերուն արիւնովը ու Յիսուսին վկաներուն արիւնովը գինովցած էր։ Երբ տեսայ զանիկա, մեծ զարմանքով զարմացայ։ 7Հրեշտակը ինծի ըսաւ. «Ինչո՞ւ զարմացար. ես քեզ ըսեմ այն կնոջ խորհուրդը ու այն գազանին՝ որ զանիկա իր վրայ կը կրէ ու եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունի։ 8Այն գազանը որ տեսար, կար ու չկայ, բայց անդունդէն ելլելու ու կորուստին երթալու վրայ է ու երկրի վրայ բնակողները, որոնց անունները աշխարհին սկիզբէն ի վեր կենաց գրքին մէջ գրուած չեն, պիտի զարմանան, երբ տեսնեն այն գազանը որ կար ու չկայ, #17.8 Ոմանք, եւ մօտ էթէեւ կայ։ 9Հոս պէտք է իմաստութիւն ունեցող միտք մը։ Այն եօթը գլուխը եօթը լեռներ են, որոնց վրայ կինը կը նստի եւ եօթը թագաւորներ են։ 10Հինգը ինկած են, մէկը կը կենայ եւ միւսը դեռ եկած չէ ու երբ գայ՝ քիչ ատեն պիտի մնայ։ 11Գազանը, որ կար ու չկայ, անիկա ալ ութերորդն է որ եօթնէն է ու դէպի կորուստ կ’երթայ։ 12Տասը եղջիւրը որոնք տեսար՝ տասը թագաւորներ են, որոնք դեռ թագաւորութիւն առած չեն, հապա գազանին հետ մէկ ժամու չափ թագաւորներու պէս իշխանութիւն պիտի առնեն։ 13Անոնք մէկ կամք ունին ու իրենց զօրութիւնը եւ իշխանութիւնը գազանին կու տան։ 14Ասոնք Գառնուկին հետ պիտի պատերազմին եւ Գառնուկը անոնց պիտի յաղթէ, քանզի անիկա տէրերուն Տէրն է ու թագաւորներուն Թագաւորը եւ անոր հետ եղողները կանչուած ու ընտրուած եւ հաւատարիմ են»։ 15Ու ըսաւ ինծի. «Այն ջուրերը որոնք տեսար, որոնց վրայ պոռնիկը նստեր էր, ժողովուրդներ են ու բազմութիւններ եւ ազգեր ու լեզուներ։ 16Տասը եղջիւրները, որոնք գազանին վրայ տեսար, անոնք պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն։ 17Վասն զի Աստուած անոնց սրտին մէջ դրաւ, որ իր կամքը կատարեն ու միակամ ըլլան եւ իրենց թագաւորութիւնը գազանին տան, մինչեւ Աստուծոյ խօսքերը կատարուին։ 18Եւ կինը որ տեսար, այն մեծ քաղաքն է, որ կը թագաւորէ երկրի թագաւորներուն վրայ»։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy