YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈՒԴԱՅԻ 1

1
1Յուդա՝ Յիսուս Քրիստոսին ծառայ ու Յակոբոսին եղբայրը՝ ձեզի, որ Հայր Աստուծմէն սրբուած էք եւ Յիսուս Քրիստոսէն պահուած ու կանչուած. 2ողորմութիւն ու խաղաղութիւն եւ սէր ձեր վրայ շատնան։
3Սի՛րելիներ, բոլոր ջանքը վրաս առնելով ձեզի կը գրեմ հասարակաց փրկութեան համար, իմ անձիս պարտք սեպեցի ձեզի գրել ու յորդորել, որ մրցիք այն հաւատքին համար, որ անգամ մը սուրբերուն աւանդուեցաւ 4քանզի մէկ քանի մարդիկ գաղտուկ մտան, որ առաջուընէ այս դատապարտութեանը համար որոշուած էին, ամբարիշտներ, որոնք մեր Աստուծոյն շնորհքը անառակութեան դարձուցին եւ միակ #1.4 Ոմանք, Աստուած իշխանըԻշխանը ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ուրացան։
ՍՈՒՏ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ
5Արդ՝ կ’ուզեմ ձեզի յիշեցնել, թէեւ գիտէք ասիկա, թէ Տէրը, որ ժողովուրդը Եգիպտոսի երկրէն ազատեց, ետքը չհաւատացողները կորսնցուց։ 6Եւ այն հրեշտակները, որոնք իրենց իշխանութիւնը չպահեցին, հապա իրենց բնակութիւնը ձգեցին, մշտնջենաւոր կապերով խաւարի մէջ պահեց մեծ օրուան դատաստանին համար։ 7Ինչպէս Սոդոմ ու Գոմոր եւ անոնց բոլորտիքը եղած քաղաքները, որոնք ասոնց նման պոռնկացան ընկերներուն մարմնին ետեւէն երթալով, մեր առջեւ օրինակ կեցեր են՝ յաւիտենական կրակին դատապարտութիւնը ընդունելով։ 8Նմանապէս այս ցնորածներն ալ մարմինը կը պղծեն, տէրութիւնը կ’անարգեն, մեծափառներուն դէմ կը հայհոյեն։ 9Բայց Միքայէլ հրեշտակապետը, երբ Սատանային դէմ դնելով Մովսէսին մարմնին համար կը վիճէր, չհամարձակեցաւ հայհոյութեան դատապարտութիւն բերել անոր վրայ, հապա ըսաւ. «Տէրը յանդիմանէ քեզ»։ 10Իսկ ասոնք այն բաներուն որոնք չեն հասկնար, հայհոյութիւն կ’ընեն եւ այն բաներուն որոնք բնականաբար, անբան անասուններու պէս գիտեն, անոնց մէջ պիտի ապականին։ 11Վա՜յ անոնց, որոնք Կայէնին ճամբովը գացին ու Բաղաամի մոլորութեանը պէս ցանկութեամբ վարձքի ետեւէ գացին ու Կորխին հակառակութեանը պէս կորսուեցան։ 12Ասոնք ձեր սիրոյ խնճոյքներուն մէջ արատներ են, երբ ձեզի հետ կերուխումի կը նստին, աներկիւղ իրենց անձը կը կերակրեն։ Անջուր ամպեր են հովերէն քշուած, պտուղնին կորսնցուցած ծառեր, բերք չունեցող, երկու անգամ մեռած, արմատէն խլուած։ 13Ծովու կատղած ալիքներ, որոնք իրենց անձերուն ամօթը կը փրփրցնեն. մոլորուած աստղեր, որոնց համար խաւարին մէգը պահուած է յաւիտեան։
14Անոնց համար մարգարէացաւ Ենովքն ալ, որ եօթներորդն էր Ադամէն ու ըսաւ. «Ահա Տէրը իր բիւրաւոր սուրբերովը եկաւ, 15ամենուն դատաստան ընելու ու բոլոր ամբարիշտները յանդիմանելու իրենց ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար եւ այն բոլոր խիստ խօսքերուն համար, որոնք ամբարիշտ մեղաւորները անոր դէմ խօսեցան»։ 16Ասոնք տրտնջողներ ու քրթմնջողներ են, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ կ’երթան եւ իրենց բերանները ամբարտաւան խօսքեր կը խօսին եւ շահու համար երեսպաշտութիւն կ’ընեն։
ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՅՈՐԴՈՐԱՆՔՆԵՐ
17Բայց դո՛ւք, սի՛րելիներ, յիշեցէք այն խօսքերը, որոնք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին առաքեալներէն նախապէս խօսուեցան, 18որոնք ձեզի կ’ըսէին թէ՝ «Վերջին ժամանակը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ամբարիշտ ցանկութիւններուն համեմատ պիտի երթան»։
19Ասոնք ինքզինքնին զատող շնչաւորներ են, որոնք Հոգին չունին։ 20Բայց դո՛ւք, սի՛րելիներ, անձերնիդ շինեցէք ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ եւ Սուրբ Հոգիով աղօթեցէք, 21անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ողորմութեանը սպասելով՝ յաւիտենական կեանքի համար։ 22Եւ երկմիտներուն ողորմեցէ՛ք։ 23Եւ ոմանք վախով ազատեցէք՝ կրակէն յափշտակելով զանոնք, ատելով մարմնէն աղտոտուած հանդերձն ալ։
ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔԸ
24Եւ անոր՝ որ կարող է ձեզ անբիծ պահել եւ իր փառքին առջեւ անարատ կայնեցնել ցնծութիւնով, 25մեր Փրկչին, միմիայն #1.25 Ոմանք, իմաստուն ԱստուծոյԱստուծոյ, [մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով] փառք ու մեծութիւն, զօրութիւն ու իշխանութիւն [բոլոր դարերէն առաջ,] եւ հիմա ու բոլոր դարերուն մէջ։ Ամէն։

Currently Selected:

ՅՈՒԴԱՅԻ 1: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy