YouVersion Logo
Search Icon

ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 1

1
1Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսին առաքեալը Աստուծոյ կամքով եւ Տիմոթէոս եղբայրը, 2Կողոսայի մէջ եղող Քրիստոսով սուրբ ու հաւատացեալ եղբայրներուն. 3շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն #1.3 Ոմանք չունինեւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
Ամէն ատեն ձեզի համար աղօթք ընելով՝ կը գոհանանք Աստուծմէ ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հօրմէն։ 4Լսելով ձեր հաւատքը որ Քրիստոս Յիսուսին վրայ եւ այն սէրը, որ բոլոր սուրբերուն վրայ ունիք. 5այն յոյսին համար, որ երկինքը կը պահուի ձեզի, որուն վրայով նախապէս լսեցիք աւետարանին ճշմարտութեան խօսքովը, 6որ ձեզի հասաւ՝ ինչպէս բոլոր աշխարհ ու պտղաբեր ըլլալով [կ’աճի], ինչպէս ձեր մէջ ալ, այն օրուընէ, որ դուք լսեցիք ու ճանչցաք Աստուծոյ շնորհքը ճշմարտութիւնով. 7ինչպէս սորվեցաք մեր սիրելի ծառայակցէն՝ Եպափրասէն, որ ձեզի համար հաւատարիմ պաշտօնեայ մըն է Քրիստոսին 8որ ինք ալ մեզի պատմեց ձեր սէրը Հոգիով։
9Անոր համար մենք ալ, այն օրէն երբ լսեցինք, չենք դադարիր ձեզի համար աղօթելէ ու խնդրանք մատուցանելէ, որպէս զի կատարեալ ըլլաք անոր կամքին գիտութիւնովը, լեցուիք իմաստութիւնով ու հոգեւոր հանճարով։ 10Որպէս զի դուք Տէրոջը արժանի կերպով քալէք եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնէք, բարի գործերով պտղաբերիք ու աճիք՝ Աստուծոյ գիտութիւնովը. 11իր փառաւոր զօրութեանը համեմատ բոլոր ուժով զօրացած՝ համբերութեան ու երկայնմտութեան համար ուրախացած։ 12Գոհանալով Հօր Աստուծմէ, որ մեզ լոյսի մէջ բնակող սուրբերուն վիճակին մասնակից ըլլալու արժանացուց։ 13Որ մեզ ազատեց խաւարին իշխանութենէն ու իր սիրելի Որդիին թագաւորութեանը փոխադրեց։ 14Որով մենք փրկութիւն ունինք իր արիւնովը, այսինքն մեղքի թողութիւն, 15որ աներեւոյթ Աստուծոյ պատկերն է, բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը։
ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ԱՆՁԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ
16Վասն զի անով ամէն բան ստեղծուեցաւ, ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ, անոնք որ կ’երեւնան եւ անոնք որ չեն երեւնար, թէ՛ աթոռները, թէ՛ տէրութիւնները, թէ՛ պետութիւնները, թէ՛ իշխանութիւնները. բոլոր բաները անով ու անոր համար ստեղծուեցան։ 17Անիկա ամէն բանէ առաջ էր եւ ամէն բան անով հաստատ կը կենայ. 18եւ անիկա է մարմնին, այսինքն եկեղեցիին գլուխը. որ սկիզբն է, մեռելներէն անդրանիկը, որպէս զի ինք ըլլայ ամէն բանի մէջ նախապատիւ. 19վասն զի Հայրը հաճեցաւ որ Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը անոր մէջ բնակի 20եւ անով ամէնքը հաշտեցնէ իրեն հետ, խաղաղութիւն ընելով խաչին վրայ թափած իր արիւնովը, թէ՛ երկրի վրայ եւ թէ՛ երկնքի մէջ եղողները։
21Եւ ձեզ ալ՝ որ ատեն մը օտարացած էիք ու չար գործերով թշնամիներ՝ ձեր խորհուրդներովը, 22հիմա հաշտեցուց բուն իր մարմնովը՝ մահուամբ, որպէս զի ձեզ անոր առջեւ սուրբ ու անբիծ եւ անարատ կայնեցնէ. 23եթէ կենաք հաւատքին մէջ հիմնուած ու հաստատ եւ առանց խախտելու աւետարանին յոյսէն որ լսեցիք, որ երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ, որուն ես՝ Պօղոսս՝ սպասաւոր եղայ։
ՊՕՂՈՍԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ
24Հիմա ուրախ եմ ձեզի համար կրած չարչարանքներուս համար ու Քրիստոսի կրած նեղութիւններուն պակասութիւնը իմ մարմնիս մէջ կը լեցնեմ անոր մարմնին համար, որ եկեղեցին է. 25որուն ես սպասաւոր եղայ Աստուծոյ տնտեսութիւնովը՝ որ ինծի տրուեցաւ ձեզի համար՝ Աստուծոյ խօսքը լման քարոզելու, 26այն խորհուրդը՝ որ ծածկուած էր բոլոր դարերէն ու ազգերէն, հիմա իր սուրբերուն յայտնուեցաւ. 27որոնց Աստուած ուզեց գիտցնել իր խորհուրդին փառաւոր ճոխութիւնը հեթանոսներուն մէջ, որ է Քրիստոս ձեր մէջ՝ փառաց յոյսը. 28որ մենք կը քարոզենք ու ամէն մարդու կը յորդորենք եւ կը սորվեցնենք բոլոր իմաստութիւնով, որպէս զի ամէն մարդ կատարեալ ընենք Քրիստոս Յիսուսով. 29որուն համար ես ալ կ’աշխատիմ, ջանք ընելով իր ներգործութեանը համեմատ, որ զօրութիւնով իմ մէջս կը գործէ։

Currently Selected:

ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 1: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy