YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 1

1
ԿԵՆԱՑ ԲԱՆԸ
1Կենաց բանին վրայով, որ սկիզբէն էր, որուն համար լսեցինք, որ մեր աչքերովը տեսանք, որուն նայեցանք ու մեր ձեռքերը շօշափեցին. 2(եւ կեանքը յայտնուեցաւ ու տեսանք եւ կը վկայենք ու ձեզի կը պատմենք այն յաւիտենական կեանքը, որ Հօրը քով էր ու մեզի յայտնուեցաւ). 3այն որ տեսանք ու լսեցինք՝ ձեզի կը պատմենք, որպէս զի դուք ալ մեզի հաղորդակից ըլլաք։ Մեր հաղորդակցութիւնը Հօրը հետ է ու իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին հետ։ 4Այս բաները կը գրենք ձեզի, որպէս զի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԼՈՅՍ Է
5Ասիկա է այն պատգամը որ իրմէ լսեցինք ու ձեզի կ’իմացնենք, թէ՝ Աստուած լոյս է ու անոր մէջ բնաւ խաւար չկայ։ 6Եթէ ըսենք թէ Անոր հետ հաղորդակից ենք ու խաւարի մէջ պտըտինք, սուտ կը խօսինք եւ ճշմարտութիւնը չենք ըսեր։ 7Հապա եթէ լոյսի մէջ քալենք, ինչպէս անիկա լոյսի մէջ է, իրարու հետ հաղորդակից կ’ըլլանք ու անոր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին արիւնը մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ։ 8Եթէ ըսենք թէ «Մենք մեղք մը չունինք», ինքզինքնիս կը խաբենք ու մեր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ 9Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու։ 10Եթէ ըսենք թէ «Մեղք մը չգործեցինք», ստախօս կը ցուցնենք զանիկա ու անոր խօսքը մեր մէջ չէ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy