YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 9

9
ԱՌԱՔԵԱԼԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
1Չէ՞ որ ես առաքեալ եմ. չէ՞ որ ես ազատ եմ. չէ՞ որ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը աչքովս տեսայ. չէ՞ որ դուք իմ գործս էք Տէրոջմով։ 2Թէպէտ ուրիշներուն առաքեալ չըլլամ ալ, բայց անտարակոյս ձեզի եմ. վասն զի իմ առաքելութեանս կնիքը դուք էք Տէրոջմով։ 3Իմ պատասխանս անոնց որ զիս կը քննեն, այս է. 4Միթէ մենք իրաւունք չունի՞նք ուտելու եւ խմելու։ 5Միթէ մենք իրաւունք չունի՞նք Քրիստոսով քոյր եղող կին մը մեզի հետ պտըտցնելու, ինչպէս միւս առաքեալներն ու Տէրոջը եղբայրները ու Կեփաս կ’ընեն։ 6Միթէ ես ու Բառնաբա՞սը միայն իրաւունք չունինք չգործելու։ 7Ո՞վ իր ապրուստով զինուորութիւն կ’ընէ. ո՞վ այգի կը տնկէ ու անոր պտուղէն չուտեր, կամ ո՞վ ոչխարներ կ’արածէ ու ոչխարներուն կաթէն չուտեր։ 8Միթէ մարդկօրէ՞ն կ’ըսեմ այս բաները, կամ չէ՞ որ օրէնքն ալ նոյնը կ’ըսէ։ 9Քանզի Մովսէսին օրէնքին մէջ ալ գրուած է. «Կալին մէջ աշխատող եզին դունչը մի՛ կապեր»։ Միթէ Աստուած միայն եզե՞րը կը հոգայ. 10չէ՞ որ մասնաւորաբար մեզի համար կ’ըսէ. վասն զի մեզի համար գրուեցաւ. որովհետեւ ան որ կը հերկէ՝ պէտք է որ յոյսով հերկէ եւ ան որ ցորենը կը ծեծէ՝ պէտք է որ #9.10 Ոմանք, իր յոյսը վայլելու համարվայլելու յոյսով ընէ։ 11Եթէ մենք ձեզի հոգեւոր բաներ սերմանեցինք, մե՞ծ բան է՝ եթէ ձեզմէ մարմնաւոր բաներ հնձենք։ 12Եթէ ուրիշները ձեր վրայ այս իրաւունքը ունին, չէ՞ որ ալ աւելի մե՛նք. բայց մենք այս իրաւունքը չգործածեցինք, հապա ամէն բանի համբերեցինք, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին արգելք մը չըլլանք։ 13Չէ՞ք գիտեր թէ տաճարին մէջ աշխատողները տաճարէն կ’ուտեն ու անոնք որ սեղանին պաշտօնեաներն են՝ սեղանէն բաժին կ’առնեն։ 14Նոյնպէս ալ Տէրը հրաման տուաւ, որ աւետարանը քարոզողները աւետարանէն ապրին։ 15Բայց ես այս իրաւունքներէն մէ՛կը չգործածեցի, ո՛չ ալ այդ բաները գրեցի ինծի համար. քանզի աւելի աղէկ է ինծի որ մեռնիմ, քան թէ մէկը իմ պարծանքս պարապ հանէ։ 16Վասն զի եթէ ես աւետարանը քարոզեմ, ինծի պարծանք չէ, իմ պարտականութիւնս է. մանաւանդ վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ։ 17Քանզի եթէ ասիկա կամաւ ընեմ, վարձք կ’ունենամ. իսկ եթէ ակամայ՝ ան ինծի յանձնուած տնտեսութիւն մըն է։ 18Ուրեմն ի՞նչ վարձք կ’ըլլայ ինծի. այս կ’ըլլայ որ քարոզելու ատենս Քրիստոսին աւետարանը ձրի տամ որ չըլլայ թէ աւետարանին մէջ իմ իրաւունքս գէշ կերպով գործածեմ։ 19Քանզի թէեւ ես ամենէն ազատ էի, բայց իմ անձս ամենուն ծառայ ըրի, որպէս զի շատերը շահիմ։ 20Հրեաներուն հետ Հրեայի պէս եղայ, որպէս զի Հրեաները շահիմ, 21օրէնքի տակ եղողներուն հետ օրէնքի տակ եղողի պէս եղայ, [ոչ թէ ես օրէնքի տակ էի,] որպէս զի օրէնքի տակ եղողներն ալ շահիմ. օրէնքի տակ չեղողներուն հետ օրէնքի տակ չեղողի պէս եղայ, (ոչ թէ ես Աստուծմէն օրէնք չունէի, հապա Քրիստոսին օրէնքին տակ էի), որպէս զի օրէնք չունեցողներն ալ շահիմ. 22տկարներուն հետ տկարի պէս եղայ, որպէս զի տկարները շահիմ. ամենուն հետ ամէն բան եղայ, որպէս զի մէկ քանիները ապրեցնեմ։ 23Եւ ասիկա աւետարանին համար կ’ընեմ, որպէս զի անոր կցորդ ըլլամ։ 24Չէ՞ք գիտեր ասպարէզին մէջ վազողները։ Իրաւ ամէնքը կը վազեն, բայց մէ՛կը կ’առնէ մրցանակը։ Այնպէս վազեցէք, որ հասնիք։ 25Ամէն ով որ կը մրցի, ամէն բանի մէջ չափաւորութիւն կը պահէ։ Անոնք եղծանելի պսակը առնելու համար ու մենք՝ անեղծանելին։ 26Ուստի ես կը վազեմ, ոչ թէ անստուգութեամբ. ես բռնամարտութիւն կ’ընեմ, ոչ թէ հովը ծեծելով. 27բայց իմ մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ, որպէս զի չըլլայ թէ ուրիշներուն քարոզելէ յետոյ՝ ես ինքս խոտելի գտնուիմ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy