1
ԾՆՆԴՈՑ 18:14
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Տէրոջը առջեւ դժուարին բան կա՞յ արդեօք։ Սահմանուած ժամանակին, գալ տարի, քեզի պիտի դառնամ ու Սառան որդի մը պիտի ունենայ»։
አወዳድር
{{ጥቅስ}} ያስሱ
2
ԾՆՆԴՈՑ 18:12
Սառա իր մտքին մէջ խնդաց՝ ըսելով. «Ես պառաւնալէս ետքը զուարճութի՞ւն պիտի ունենամ, արդէն տէրս ալ ծերացած է»։
3
ԾՆՆԴՈՑ 18:18
Որովհետեւ Աբրահամ անշուշտ մեծ ու զօրաւոր ազգ մը պիտի ըլլայ ու երկրի բոլոր ազգերը անով պիտի օրհնուին։
4
ԾՆՆԴՈՑ 18:23-24
Եւ Աբրահամ մօտեցաւ ու ըսաւ. «Արդեօք ամբարիշտին հետ արդա՞րն ալ պիտի կորսնցնես. Թերեւս այն քաղաքին մէջ յիսուն արդար ըլլան. արդեօք անոր մէջ եղած յիսուն արդարին համար չխնայելով պիտի կորսնցնե՞ս այն տեղը։
5
ԾՆՆԴՈՑ 18:26
Եւ Տէրը ըսաւ. «Եթէ Սոդոմի մէջ յիսուն արդար գտնեմ, անոնց համար բոլորին պիտի խնայեմ»։