1
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:8
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
սակայն Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր ՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։
موازنہ
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:8
2
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:5
եւ յոյսը ամօթով չի ձգեր. վասն զի Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տրուեցաւ։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:5
3
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:3-4
Ո՛չ միայն այսքան՝ հապա նաեւ նեղութիւններու մէջ կը պարծինք. վասն զի գիտենք թէ նեղութիւնը համբերութիւն կը գործէ եւ համբերութիւնը՝ փորձառութիւն ու փորձառութիւնը՝ յոյս.
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:3-4
4
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:1-2
Արդ՝ մենք հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով որով ընդունեցինք հաւատքով, այս շնորհքին մօտենալը, որուն մէջ կեցեր ենք եւ Աստուծոյ փառքին յոյսովը կը պարծինք։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:1-2
5
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:6
Վասն զի երբ մենք դեռ տկար էինք, յարմար ժամանակին Քրիստոս ամբարիշտներուն համար մեռաւ։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:6
6
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:9
Քրիստոս մեզի համար մեռաւ. ուրեմն հիմա որ իր արիւնով արդարացանք, ո՜րչափ աւելի իրմով պիտի ազատինք բարկութենէն։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:9
7
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:19
վասն զի ինչպէս մէկ մարդու անհնազանդութիւնովը շատեր մեղաւոր եղան, այնպէս մէկուն հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:19
8
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:11
Եւ ոչ միայն այս, հապա Աստուծմով կը պարծենանք ալ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով որով հիմա հաշտութիւն ընդունեցինք։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:11