1
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 4:20-21
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Անհաւատութիւնով չտարակուսեցաւ Աստուծոյ խոստումին վրայ, հապա հաւատքով զօրացած՝ Աստուծոյ փառք տուաւ եւ իր մտքին մէջ հաստատ պահեց թէ՝ ան որ խօսք տուաւ, կարող է ընելու ալ։
موازنہ
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 4:20-21
2
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 4:17
(ինչպէս գրուած է թէ՝ «Քեզ շատ ազգերու հայր ըրի» ), Աստուծոյ առջեւ, որուն ինք հաւատաց, ան որ մեռելները կ’ողջնցնէ եւ չեղած բաները եղածներու պէս կը կանչէ։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 4:17
3
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 4:25
որ մեր յանցանքներուն համար մատնուեցաւ եւ մեզ արդարացնելու համար յարութիւն առաւ։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 4:25
4
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 4:18
Որ չյուսացուած բանին՝ յուսով հաւատաց՝ թէ ինք շատ ազգերու հայր պիտի ըլլայ, (ինչպէս ըսուեցաւ ալ, թէ՝ «Քու սերունդդ այսպէս պիտի ըլլայ» ).
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 4:18
5
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 4:16
Ասոր համար ժառանգորդ ըլլալը հաւատքէն է, որպէս զի շնորհքով եղած ըլլայ, որ խոստումը հաստատուն ըլլայ բոլոր սերունդին։ Ո՛չ միայն անոր՝ որ օրէնքէն է, հապա անո՛ր ալ՝ որ Աբրահամին հաւատքէն է, որ մեր ամենուն հայրն է
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 4:16
6
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 4:7-8
«Երանի՜ անոնց, կ’ըսէ , որոնց անօրէնութիւնները ներուեցան եւ որոնց մեղքերը ծածկուեցան։ Երանի՜ այն մարդուն, որուն մեղք չի սեպեր Տէրը»։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 4:7-8
7
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 4:3
Քանզի գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ. «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց եւ ան՝ իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ»։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 4:3