1
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:2
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Եւ մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է։
موازنہ
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:2
2
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:1
Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:1
3
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:12
յոյսով ուրախ եղէ՛ք. նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք. ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք.
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:12
4
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:21
Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:21
5
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:10
Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք.
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:10
6
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:9
սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ, չարէն զզուելով, բարիին յարելով։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:9
7
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:18
Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:18
8
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:19
Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. «Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ», կ’ըսէ Տէրը։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:19
9
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:11
ջանքի մէջ թուլասիրտ մի՛ ըլլաք. Հոգիով բորբոքեցէ՛ք. Տէրոջը ծառայեցէ՛ք.
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:11
10
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:3
Քանզի ինծի տրուած շնորհքով այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ, հապա զգաստ կենալ մտածէ հաւատքին չափովը, որ Աստուած ամէն մէկուն բաժնեց։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:3
11
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:17
չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:17
12
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:16
իրարու վրայ միեւնոյն խորհուրդը ունեցէ՛ք. ամբարտաւանութիւն մի՛ ընէք, հապա խոնարհներուն հետ խոնարհեցէ՛ք, ինքզինքնիդ իմաստունի տեղ մի՛ դնէք.
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:16
13
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:20
Ուստի եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր եւ եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր անոր. քանզի այս ընելով՝ անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:20
14
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:14-15
ձեզ հալածողները օրհնեցէ՛ք եւ մի՛ անիծէք. խնդացողներուն հետ խնդացէ՛ք եւ լացողներուն հետ լացէ՛ք.
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:14-15
15
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:13
սուրբերուն պէտքերուն հաղորդ եղէ՛ք. հիւրասիրութեան ետեէ եղէ՛ք.
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:13
16
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:4-5
Վասն զի ինչպէս մէկ մարմնի մէջ շատ անդամներ ունինք ու այն բոլոր անդամները միեւնոյն գործը չունին, նոյնպէս մենք՝ շատուորներս՝ մէ՛կ մարմին ենք Քրիստոսով եւ ամէն մէկերնիս իրարու անդամներ ենք։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:4-5