1
ՄԱՐԿՈՍ 14:36
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Եւ ըսաւ. «Աբբա՛ Հայր՝ ամէն բան քեզի հնարաւոր է, այս գաւաթը ինծմէ անցուր. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես »։
موازنہ
تلاش ՄԱՐԿՈՍ 14:36
2
ՄԱՐԿՈՍ 14:38
Արթո՛ւն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք. հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։
تلاش ՄԱՐԿՈՍ 14:38
3
ՄԱՐԿՈՍ 14:9
Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ բոլոր աշխարհի մէջ, ուր որ այս աւետարանը կը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի յիշուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար»։
تلاش ՄԱՐԿՈՍ 14:9
4
ՄԱՐԿՈՍ 14:34
Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է. հո՛ս կեցէք եւ արթուն մնացէք»։
تلاش ՄԱՐԿՈՍ 14:34
5
ՄԱՐԿՈՍ 14:22
Երբ անոնք կ’ուտէին, Յիսուս հաց առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Առէ՛ք, ա՛յս է իմ մարմինս»։
تلاش ՄԱՐԿՈՍ 14:22
6
ՄԱՐԿՈՍ 14:23-24
Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց։ Ամէնքն ալ խմեցին անկէ։ Ըսաւ անոնց. «Ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ շատերու համար պիտի թափուի։
تلاش ՄԱՐԿՈՍ 14:23-24
7
ՄԱՐԿՈՍ 14:27
Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ամէնքդ ալ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք. վասն զի գրուած է թէ ‘Հովիւը պիտի զարնեմ ու ոչխարները պիտի ցրուին’։
تلاش ՄԱՐԿՈՍ 14:27
8
ՄԱՐԿՈՍ 14:42
Ելէ՛ք երթանք։ Ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ»։
تلاش ՄԱՐԿՈՍ 14:42
9
ՄԱՐԿՈՍ 14:30
Յիսուս ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, որ դուն ալ այս գիշեր՝ դեռ հաւը երկու անգամ չխօսած՝ երեք անգամ զիս պիտի ուրանաս»։
تلاش ՄԱՐԿՈՍ 14:30