1
ՄԱՐԿՈՍ 11:24
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ի՛նչ բան որ աղօթքով կը խնդրէք, հաւատացէք թէ պիտի առնէք եւ պիտի ըլլայ ձեզի’։
موازنہ
تلاش ՄԱՐԿՈՍ 11:24
2
ՄԱՐԿՈՍ 11:23
քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ով որ այս լերան ըսէ՝ ‹Ելի՛ր ու ծովը ինկի՛ր› եւ իր սրտին մէջ չերկմտի, հապա հաւատայ թէ ի՛նչ որ ըսէ՝ կ’ըլլայ, պիտի ըլլայ անոր ինչ որ ըսէ’։
تلاش ՄԱՐԿՈՍ 11:23
3
ՄԱՐԿՈՍ 11:25
Երբ աղօթքի կը կայնիք, ներեցէ՛ք եթէ մէկուն դէմ բան մը ունիք, որպէս զի ձեր Հայրն ալ՝ որ երկինքն է՝ ներէ ձեզի ձեր յանցանքները։
تلاش ՄԱՐԿՈՍ 11:25
4
ՄԱՐԿՈՍ 11:22
Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Աստուծոյ վրայ հաւատք ունեցէք.
تلاش ՄԱՐԿՈՍ 11:22
5
ՄԱՐԿՈՍ 11:17
եւ սորվեցուց անոնց ու ըսաւ. «Գրուած չէ՞ թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի բոլոր ազգերուն’, բայց դուք անիկա աւազակներու այր ըրիք»։
تلاش ՄԱՐԿՈՍ 11:17
6
ՄԱՐԿՈՍ 11:9
Առջեւէն ու ետեւէն գացողները կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա. Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ։
تلاش ՄԱՐԿՈՍ 11:9
7
ՄԱՐԿՈՍ 11:10
Օրհնեալ է մեր Դաւիթ հօրը թագաւորութիւնը որ կու գայ. Ովսաննա ի բարձունս»։
تلاش ՄԱՐԿՈՍ 11:10