1
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:13
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։
موازنہ
تلاش ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:13
2
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:2
Վերի բաներուն վրայ մտածեցէք, ո՛չ թէ այս երկրին վրայիններուն։
تلاش ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:2
3
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:23
ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց
تلاش ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:23
4
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:12
Ուստի Աստուծոյ ընտրեալ սուրբերու եւ սիրելիներու պէս ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը
تلاش ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:12
5
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:16-17
Քրիստոսին խօսքը ձեր մէջ բնակի առատապէս ամէն իմաստութիւնով՝ իրարու սորվեցնելու ու խրատելու՝ սաղմոսներով եւ օրհնութիւններով ու հոգեւոր երգերով ձեր սրտերուն մէջ շնորհքով Աստուած օրհնելու։ Ամէն ինչ որ կ’ընէք թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով՝ բոլորը Տէր Յիսուսին անունովը ըրէք , Աստուծոյ ու Հօրը գոհութիւն մատուցանելով անոր ձեռքով։
تلاش ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:16-17
6
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:14
Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք , որ կատարելութեան կապն է։
تلاش ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:14
7
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:1
Արդ եթէ Քրիստոսին հետ յարութիւն առիք, ուրեմն վերի բաները փնտռեցէք, ուր Քրիստոս կը նստի Աստուծոյ աջ կողմը։
تلاش ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:1
8
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:15
Ու Աստուծոյ խաղաղութիւնը ձեր սրտերուն մէջ թագաւորէ, որուն դուք կանչուեցաք մէկ մարմնով ու գոհացէք։
تلاش ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:15
9
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:5
Ուստի ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է.
تلاش ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:5
10
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:3
Վասն զի դուք մեռաք ու ձեր կեանքը պահուած է Աստուծոյ քով Քրիստոսին հետ։
تلاش ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:3
11
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:8
Բայց հիմա մէկդի՛ ձգեցէք դուք ալ այն ամէնը՝ բարկութիւնը, սրտմտութիւնը, չարութիւնը հայհոյութիւնը, անհամեստ խօսքերը ձեր բերաններէն։
تلاش ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:8
12
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:9-10
Իրարու սուտ մի՛ խօսիք. հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք եւ հագէ՛ք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս
تلاش ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:9-10
13
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:19
Այրե՛ր, սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց։
تلاش ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:19
14
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:20
Ո՛րդիներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն, վասն զի այն է Տէրոջը առջեւ հաճելի։
تلاش ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:20
15
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:18
Կի՛ներ, հնազանդ եղէք ձեր այրերուն, ինչպէս կը վայլէ Տէրոջմով։
تلاش ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:18