1
ԾՆՆԴՈՑ 50:20
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Եւ թէպէտ դուք ինծի դէմ չարութիւն խորհեցաք, բայց Աստուած զայն աղէկի դարձնել խորհեցաւ. այնպէս որ այս օրուան եղածին պէս՝ շատ ժողովուրդ ապրեցնէ։
Vergelijk
Ontdek ԾՆՆԴՈՑ 50:20
2
ԾՆՆԴՈՑ 50:19
Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, միթէ ես Աստուծոյ տեղն եմ
Ontdek ԾՆՆԴՈՑ 50:19
3
ԾՆՆԴՈՑ 50:21
Հիմա մի՛ վախնաք, ես ձեզ ու ձեր ընտանիքները պիտի կերակրեմ»։ Այսպէս մխիթարեց զանոնք քաղցրութեամբ խօսելով։
Ontdek ԾՆՆԴՈՑ 50:21
4
ԾՆՆԴՈՑ 50:17
‘Հիմա շնորհք ըրէ, քու եղբայրներուդ յանցանքը ու անոնց մեղքը ներէ, վասն զի քեզի չարութիւն ըրին’ եւ հիմա կ’աղաչենք քեզի, քու հօրդ Աստուծոյն ծառաներուն յանցանքը ներէ»։ Եւ Յովսէփ լացաւ, երբ անոնք խօսեցան իրեն։
Ontdek ԾՆՆԴՈՑ 50:17
5
ԾՆՆԴՈՑ 50:24
Եւ Յովսէփ իր եղբայրներուն ըսաւ. «Ահա ես կը մեռնիմ ու Աստուած անշուշտ ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ ու ձեզ այս երկրէն պիտի հանէ դէպի այն երկիրը, որուն համար ինք երդում ըրաւ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին»։
Ontdek ԾՆՆԴՈՑ 50:24
6
ԾՆՆԴՈՑ 50:25
Եւ Յովսէփ Իսրայէլի որդիներուն երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. «Աստուած անշուշտ ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ ու իմ ոսկորներս ալ ասկէ հանեցէք»։
Ontdek ԾՆՆԴՈՑ 50:25
7
ԾՆՆԴՈՑ 50:26
Յովսէփ հարիւր տասը տարեկան ըլլալով մեռաւ ու զմռսեցին զանիկա եւ տապանի մը մէջ դրին Եգիպտոսի մէջ։
Ontdek ԾՆՆԴՈՑ 50:26