1
ԵԼԻՑ 36:1
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Այն ատեն Բեսելիէլն ու Ոողիաբը եւ ամէն սրտով իմաստուն եղողը, որոնց որ Տէրը իմաստութիւն ու հանճար տուաւ սրբարանին պաշտամունքին գործերը ընելու եղանակը գիտնալու համար, Տէրոջը բոլոր պատուիրածին պէս գործեցին։
Vergelijk
Ontdek ԵԼԻՑ 36:1
2
ԵԼԻՑ 36:3
Անոնք Մովսէսէն առին բոլոր ընծաները, որոնք Իսրայէլի որդիները բերին սրբարանին պաշտամունքը անոնցմով ընելու համար։ Անոնք տակաւին կը շարունակէին ամէն առտու կամաւոր ընծաներ բերել։
Ontdek ԵԼԻՑ 36:3