1
ԵԼԻՑ 20:2-3
Western Armenian Bible 1853
WARMB
«Ես եմ Եհովան, քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի։ Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։
Vergelijk
Ontdek ԵԼԻՑ 20:2-3
2
ԵԼԻՑ 20:4-5
Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ’ատեն զիս
Ontdek ԵԼԻՑ 20:4-5
3
ԵԼԻՑ 20:12
Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէս զի քու օրերդ երկայն ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի։
Ontdek ԵԼԻՑ 20:12
4
ԵԼԻՑ 20:8
Հանգստութեան օրը միտքդ բեր՝ զանիկա սուրբ պահելու համար։
Ontdek ԵԼԻՑ 20:8
5
ԵԼԻՑ 20:7
Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։
Ontdek ԵԼԻՑ 20:7
6
ԵԼԻՑ 20:9-10
Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործդ ընես. Բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ տանդ մէջ եղած օտարականը.
Ontdek ԵԼԻՑ 20:9-10
7
ԵԼԻՑ 20:17
Քու դրացիիդ տանը մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ կնոջը, կամ անոր ծառային, կամ անոր աղախինին, կամ անոր եզին, կամ անոր իշուն եւ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։
Ontdek ԵԼԻՑ 20:17
8
ԵԼԻՑ 20:16
Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ։
Ontdek ԵԼԻՑ 20:16
9
ԵԼԻՑ 20:14
Շնութիւն մի՛ ըներ։
Ontdek ԵԼԻՑ 20:14
10
ԵԼԻՑ 20:13
Սպաննութիւն մի՛ ըներ։
Ontdek ԵԼԻՑ 20:13
11
ԵԼԻՑ 20:15
Գողութիւն մի՛ ըներ։
Ontdek ԵԼԻՑ 20:15