1
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:7
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
«Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի։
Kokisana
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 7:7
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:8
Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ, եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 7:8
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:24
«Արդ ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը կատարէ զանոնք, զանիկա պիտի նմանցնեմ խելացի մարդու մը՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 7:24
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:12
Ուստի ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները»։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 7:12
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:14
Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուածք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 7:14
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:13
«Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 7:13
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:11
Ուստի եթէ դուք որ չար էք, ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը որ երկինքն է, բարի բաներ պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 7:11
8
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:1-2
«Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անով պիտի չափուի ձեզի։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 7:1-2
9
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:26
Այն որ այս իմ խօսքերս կը լսէ ու չի կատարեր, կը նմանի անխելք մարդու մը՝ որ իր տունը աւազի վրայ շինեց։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 7:26
10
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:3-4
Եւ ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։ Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ, ‘Թող տուր աչքէդ շիւղը հանեմ’. եւ ահա քու աչքիդ մէջ գերան կայ։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 7:3-4
11
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:15-16
«Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են։ Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ Միթէ փուշերէն խաղող կը քաղե՞ն, կամ տատասկէն՝ թուզ։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 7:15-16
12
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:17
Այսպէս ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ եւ չար ծառ չար պտուղ կու տայ։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 7:17
13
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:18
Բարի ծառը չի կրնար չար պտուղ տալ, ոչ ալ չար ծառը բարի պտուղ տալ։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 7:18
14
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:19
Ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի տար, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 7:19
Ndako
Biblia
Bibongiseli
Bavideo