1
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:24
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Այն ատեն Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։
Kokisana
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 16:24
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:18
Ես քեզի կ’ըսեմ թէ դուն Պետրոս ես ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքին դռները անոր պիտի չյաղթեն։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 16:18
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:19
Երկնքի թագաւորութեան բանալիները քեզի պիտի տամ եւ ինչ որ երկրի վրայ կապես, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ ու ինչ որ երկրի վրայ արձակես, երկնքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ»։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 16:19
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:25
Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 16:25
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:26
քանզի ի՞նչ կը շահի մարդ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ, կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 16:26
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:15-16
Ըսաւ անոնց. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ»։ Սիմոն Պետրոս պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին»։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 16:15-16
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:17
Յիսուս ըսաւ անոր. «Երանի՜ քեզի, Սիմոն, Յովնանի որդի. վասն զի մարմինը եւ արիւնը քեզի չյայտնեցին ասիկա , հապա իմ Հայրս որ երկինքն է։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 16:17
Ndako
Biblia
Bibongiseli
Bavideo