1
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:16
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ. ուստի օձերու պէս խորագէտ եղէք եւ աղաւնիներու պէս միամիտ։
Kokisana
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 10:16
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:39
Ան որ իր անձը կը գտնէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը ինծի համար կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա»։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 10:39
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:28
Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 10:28
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:38
Ան որ իր խաչը չառներ ու իմ ետեւէս գար, ինծի արժանի չէ։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 10:38
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:32-33
Ա՛րդ՝ ով որ մարդոց առջեւ զիս կը դաւանի, ես ալ զանիկա պիտի դաւանիմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է։ Եւ ով որ մարդոց առջեւ զիս կ’ուրանայ, ես ալ զանիկա պիտի ուրանամ իմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 10:32-33
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:8
Հիւանդները բժշկեցէք, բորոտները մաքրեցէք, դեւերը հանեցէք. ձրի առեր էք, ձրի տուէք։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 10:8
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:31
Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 10:31
8
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:34
«Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ։ Խաղաղութիւն ձգելու չեկայ, հապա՝ սուր։
Luka ՄԱՏԹԷՈՍ 10:34
Ndako
Biblia
Bibongiseli
Bavideo