1
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:9
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
վասն զի եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոստովանիս ու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուցանեց՝ պիտի փրկուիս.
موازنہ
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:9
2
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:10
(վասն զի սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու համար ու բերնով կը խոստովանի փրկուելու համար)։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:10
3
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:17
Ուրեմն հաւա՛տքը լսելէն է ու լսելը՝ Աստուծոյ խօսքէն։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:17
4
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:11-13
Քանզի գիրքը կ’ըսէ. «Ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ, պիտի չամչնայ»։ Վասն զի խտրութիւն չկայ Հրեային ու Յոյնին միջեւ, վասն զի ամենուն Տէրը նոյնն է, որ առատութեամբ կը հասնի անոնց, որոնք իրեն կը կանչեն։ Քանզի «Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:11-13
5
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:15
Կամ ի՞նչպէս պիտի քարոզեն՝ եթէ չղրկուին. ինչպէս գրուած է. «Որքա՜ն գեղեցիկ են խաղաղութիւն աւետարանողներուն ու բարի բաներու աւետիս տուողներուն ոտքերը»։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:15
6
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:14
Ուրեմն ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր, եթէ անոր չհաւատան, կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր, որուն վրայով չեն լսած. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:14
7
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:4
Քանզի օրէնքին վախճանը Քրիստոս է ամէն հաւատացեալի արդարութեան համար։
تلاش ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:4