1
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 7:9
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Անկէ ետքը տեսայ մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն, որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին՝ ճերմակ հանդերձները հագած եւ ձեռքերնին արմաւենիներ բռնած
موازنہ
تلاش ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 7:9
2
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 7:10
եւ մեծաձայն կ’աղաղակէին՝ ըսելով. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին»։
تلاش ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 7:10
3
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 7:17
վասն զի Գառնուկը, որ աթոռին մէջ է, պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»։
تلاش ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 7:17
4
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 7:15-16
անոր համար Աստուծոյ աթոռին առջեւ են եւ իրեն կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ եւ աթոռին վրայ նստողը իր վրանը պիտի տարածէ անոնց վրայ։ Այսուհետեւ ո՛չ պիտի անօթենան ու ո՛չ ծարաւին, ո՛չ ալ արեւը կամ տաքութիւն մը անոնց վրայ պիտի իյնայ.
تلاش ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 7:15-16
5
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 7:3-4
ու ըսաւ. «Երկրին վնաս մի՛ ընէք, ո՛չ ծովուն, ո՛չ ալ ծառերուն, մինչեւ մեր Աստուծոյն ծառաներուն ճակատները կնքենք»։ Կնքուածներուն համրանքը լսեցի՝ որ էր հարիւր քառասունըչորս հազար՝ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ցեղերէն։
تلاش ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 7:3-4