1
ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1:7
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Վասն զի Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան։
موازنہ
تلاش ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1:7
2
ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1:9
որ մեզ փրկեց ու սուրբ կոչումով կանչեց, ո՛չ թէ մեր գործերուն նայելով, հապա իր նախասահմանութեանը եւ շնորհքին նայելով, որ Քրիստոս Յիսուսով մեզի տրուեցաւ յաւիտենական ժամանակներէն առաջ.
تلاش ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1:9
3
ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1:6
Անոր համար քու միտքդ կը ձգեմ որ արծարծես Աստուծոյ պարգեւը, որ քեզի տրուեցաւ երբ իմ ձեռքերս քու վրադ դրի։
تلاش ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1:6
4
ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1:8
Ուստի ամօթ մի՛ սեպեր մեր Տէրոջը վկայութիւնը, ո՛չ ալ զիս ասոր համար կապուածս. հապա մասնակից եղիր աւետարանին չարչարանքներուն, Աստուծոյ զօրութեանը համեմատ.
تلاش ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1:8
5
ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1:12
Անոր համար այս չարչարանքներն ալ կը կրեմ. բայց ամօթ չեմ սեպեր, վասն զի գիտեմ թէ որո՛ւն եմ հաւատացեր եւ համոզուած եմ թէ իմ իրեն աւանդած բանս կրնայ պահել մինչեւ այն օրը։
تلاش ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1:12