1
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:15-16
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է։
موازنہ
تلاش ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:15-16
2
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:17
Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ։
تلاش ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:17
3
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:6
Ան որ կ’ըսէ թէ «Անոր մէջ կը բնակի», այնպէս պէտք է քալէ՝ ինչպէս անիկա քալեց։
تلاش ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:6
4
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:1
Որդեակներս, այս բաները ձեզի կը գրեմ, որպէս զի մեղք չգործէք եւ եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը։
تلاش ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:1
5
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:4
Ան որ կ’ըսէ թէ «Ես զանիկա ճանչցայ» ու անոր պատուիրանքները չի պահեր, ստախօս է ու անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։
تلاش ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:4
6
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:3
Եթէ անոր պատուիրանքները պահենք, այն ատեն կը գիտնանք թէ զանիկա կը ճանչնանք։
تلاش ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:3
7
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:9
Ան որ կ’ըսէ թէ լոյսի մէջ է ու իր եղբայրը կ’ատէ, անիկա տակաւին խաւարի մէջ է։
تلاش ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:9
8
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:22
Ո՞վ է ստախօս, եթէ ոչ ան, որ կ’ուրանայ թէ Յիսուս Քրիստոսն է. անիկա է Նեռը որ կուրանայ Հայրն ու Որդին։
تلاش ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:22
9
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:23
Ամէն ով որ կ’ուրանայ Որդին, անիկա Հայրն ալ չընդունիր. [ բայց ան որ կ’ընդունի Որդին, անիկա Հայրն ալ կ’ընդունի։]
تلاش ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:23