1
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:7
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
«Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի։
Муқоиса
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:7 омӯзед
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:8
Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ, եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր։
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:8 омӯзед
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:24
«Արդ ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը կատարէ զանոնք, զանիկա պիտի նմանցնեմ խելացի մարդու մը՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց։
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:24 омӯзед
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:12
Ուստի ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:12 омӯзед
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:14
Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուածք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:14 омӯзед
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:13
«Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:13 омӯзед
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:11
Ուստի եթէ դուք որ չար էք, ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը որ երկինքն է, բարի բաներ պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն։
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:11 омӯзед
8
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:1-2
«Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անով պիտի չափուի ձեզի։
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:1-2 омӯзед
9
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:26
Այն որ այս իմ խօսքերս կը լսէ ու չի կատարեր, կը նմանի անխելք մարդու մը՝ որ իր տունը աւազի վրայ շինեց։
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:26 омӯзед
10
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:3-4
Եւ ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։ Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ, ‘Թող տուր աչքէդ շիւղը հանեմ’. եւ ահա քու աչքիդ մէջ գերան կայ։
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:3-4 омӯзед
11
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:15-16
«Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են։ Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ Միթէ փուշերէն խաղող կը քաղե՞ն, կամ տատասկէն՝ թուզ։
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:15-16 омӯзед
12
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:17
Այսպէս ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ եւ չար ծառ չար պտուղ կու տայ։
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:17 омӯзед
13
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:18
Բարի ծառը չի կրնար չար պտուղ տալ, ոչ ալ չար ծառը բարի պտուղ տալ։
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:18 омӯзед
14
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:19
Ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի տար, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի։
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:19 омӯзед
Асосӣ
Китоби Муқаддас
Нақшаҳо
Видео