1
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:23
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, միտք կ’առնէ եւ պտուղ կու տայ, ո՛րը հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն ու ո՛րը՝ երեսուն»։
Yenzanisa
Ongorora {{vhesi}}
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:22
Փուշերուն մէջ ցանուածը այն է որ երբ կը լսէ խօսքը, աշխարհիս զբաղմունքը եւ հարստութեան խաբէութիւնը խօսքը կը խեղդեն ու կ’ըլլայ անպտուղ
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:19
Ամէն ով որ թագաւորութեան խօսքը կը լսէ ու միտք չառներ, չարը կու գայ ու անոր սրտին մէջ ցանուածը կը յափշտակէ։ Ասիկա այն է որ ճամբուն քով ցանուեցաւ։
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:20-21
Ապառաժոտ տեղերու վրայ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, շուտ մը ուրախութեամբ կ’ընդունի զանիկա։ Բայց իր մէջ արմատ չունենալով, քիչ ժամանակ կը տեւէ ու երբ նեղութիւն կամ հալածանք ըլլայ խօսքին համար, շուտ մը կը գայթակղի։
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:44
«Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը արտի մէջ պահուած գանձի մը նման է, որ մարդ մը գտնելով՝ կը ծածկէ եւ ուրախութենէն կ’երթայ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այն արտը կը գնէ»։
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:8
Ուրիշներ ինկան աղէկ հողի մէջ ու պտուղ տուին ո՛րը մէկուն տեղ հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն եւ ո՛րը՝ երեսուն։
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:30
Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը’։ Եւ հունձքի ատենը հնձողներուն պիտի ըսեմ. ‘Առաջ որոմը քաղեցէք, խուրձ խուրձ կապեցէք այրելու համար, իսկ ցորենը իմ ամբարս ժողվեցէք’»։