1
ՄԱՏԹԷՈՍ 11:28
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։
Yenzanisa
Ongorora {{vhesi}}
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 11:29
Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք.
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 11:30
վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 11:27
Ամէն բան ինծի տրուեցաւ իմ Հօրմէս ու մէկը չի ճանչնար Որդին, բայց Հայրը եւ մէ՛կը չի ճանչնար Հայրը, բայց Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել։
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 11:4-5
Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Գացէք պատմեցէք Յովհաննէսին ինչ որ կը լսէք ու կը տեսնէք. կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն ու աղքատներուն աւետարան կը քարոզուի։
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 11:15
Ան որ լսելու ականջ ունի, թող լսէ։